Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայկական «Armsat-1» Արբանեակի Կառավարման Կեդրոնը Ամբողջութեամբ Կահաւորուած Է Եւ Պատրաստ Է Շահագործման

Հայկական «Armsat-1» Արբանեակի Կառավարման Կեդրոնը Ամբողջութեամբ Կահաւորուած Է Եւ Պատրաստ Է Շահագործման

by MassisPost

Հայաստանի՝ տիեզերք արձակուած առաջին արբանեակի՝ «ArmSat-1»-ի կառավարման կեդրոնը ամբողջութեամբ կահաւորուած է եւ պատրաստ է շահագործման։ Ազգային Ժողովին մէջ իր ելոյթին ժամանակ այս մասին ըսաւ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեանը` ներկայացնելով 2022 թուականի ՀՀ պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութիւնը։

Նախարարը նշեց, 2022 թուականին որպէս զարգացման նոր թիրախ եւ նոր նախաձեռնութիւն պետական պիւտճէէն յատկացուած միջոցները ուղղուած են Հայաստանի առաջին Երկրի հեռահար դիտարկման արբանեակի արձակման եւ տիեզերալուսանկարներու ձեռք բերման։

«Արբանեակը արդէն իսկ շահագործման մէջ է, պարբերաբար ստացւում են լուսանկարներ եւ պայմանագրով նախատեսուած կառավարման կեդրոնն ամբողջութեամբ կահաւորուած է եւ պատրաստ է շահագործմանը։ Ծրագրի շրջանակներում վերապատրաստում անցած հայ մասնագէտները շուտով ամբողջութեամբ կը վերցնեն արբանեակի կառավարումը իրենց վրայ եւ փաստացի արբանեակի կառավարումը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքից», ըսաւ Խաչատրեան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment