Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երասխ Այցելած Են Մօտ 40 Երկրի Դեսպաններ, Ռազմական Կցորդներ

Երասխ Այցելած Են Մօտ 40 Երկրի Դեսպաններ, Ռազմական Կցորդներ

by MassisPost

Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ու Զինուած Ուժերու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ Երասխ այցելած են մօտ 40 երկրի դեսպաններ, ռազմական կցորդներ ու դիւանագէտներ՝ այդտեղ ծանօթանալու նախորդող օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանի Նախիջեւանի հատուածէն հնչած կրակոցներու յառաջացուցած հետեւանքներուն։

Օտարերկրացի դիւանագէտներու շարքին էին Եւրոմիութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու դեսպաններ։

Պաշտպանութեան Նախարարութեան 5-րդ բանակային հրամանատար Սասուն Բադասեանի խօսքով՝ ատրպէյճանական թիիրախին սահմանին կառուցուող մետաղագործական գործարանն էր, որ այժմ շինարարութեան հրապարակ է, այնտեղ կ’ընթանան կառուցապատման աշխատանքներ։ Շինարարուեան վրայ այժմ կ’աշխատի մօտ 200 մարդ, անոնցմէ 70-ը՝ Հնդկաստանի քաղաքացիներ։

«Գտնւում ենք այնտեղ, որտեղ վիրաւորուել է Հնդկաստանի 2 քաղաքացի, նոյնը կարող է պատահել որեւէ երկրի քաղաքացու հետ որեւէ վայրում, իսկ այս գործարանը սահմանից մօտ 400 մեթր է հեռու։ Մենք ձեզ հետ զրուցելու համար ընտրել ենք այսպիսի վայր, որ մեր թիկունքում պատ լինի, եւ դեսպանութիւնների ներկայացուցիչները պաշտպանուած լինեն», ըսաւ հրամանատարը։

Երասխի մէջ կառուցուող գործարանը ատրպէյճանական կողմի ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած էր դեռ անցեալ շաբաթ, երբ անոնց Բնապահպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ այդ նախագիծը կը հարուածէ տարածաշրջանի բնապահպանական անվտանգութեան եւ կրնայ աղտոտել Արաքսի ջուրերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment