Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Սրել Իրավիճակը Ոչ Միայն Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին, Այլեւ ԼՂ-ի Մէջ. Ախ Քարտուղար

Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Սրել Իրավիճակը Ոչ Միայն Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին, Այլեւ ԼՂ-ի Մէջ. Ախ Քարտուղար

by MassisPost

Ատրպէյճանը կը շարունակէ սրել իրավիճակը ոչ միայն հայ-ատրպէյճանական սահմանին, այլեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Լաչինի միջանցքին, յայտնած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը` ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ԱԽ քարտուղարներու հերթական նիստի ընթացքին:

ԱԽ գրասենեակին փոխանցմամբ` խօսելով մեր տարածաշրջանին մէջ անվտանգային մարտահրաւէրներու մասին Գրիգորեան նշած է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ ուժ կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման քաղաքականութիւնը եւ փորձ կը կատարէ ձախողցնել նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն կատարումը: ԱԽ քարտուղարը նաեւ ընդգծած է, որ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին դէմ ատրպէյճանական յարձակման չճանաչման փաստը եւ այն հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի չիրականացման հետ կապելու փորձը` հիմնաւոր չէ:

Արմէն Գրիգորեան գործընկերներուն կոչ ըրած է յստակ եւ հասցէական գնահատական տալու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկելու, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող 120 հազար հայերը չենթարկուին ցեղային զտումներու:

«Այս ծիրին մէջ Հայաստանի համար առաջնահերթութիւն է մնում Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան ապահովման միջազգային մեխանիզմի ստեղծումը», նշուած է Անվտանգութեան Խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment