Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անշարժ Գոյքի «Ապօրինի Եւ Խարդախ» Գործարքի Պատճառով Երուսաղէմի Հայերուն Հողատարածքները Վտանգուած Են

Անշարժ Գոյքի «Ապօրինի Եւ Խարդախ» Գործարքի Պատճառով Երուսաղէմի Հայերուն Հողատարածքները Վտանգուած Են

by MassisPost

Երուսաղէմի մէջ` իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան ամենաթէժ կէտով, անշարժ գոյքի աղմկայարոյց գործարքը խուճապի մատնած է տեղի պատմական հայ համայնքը․ բնակիչները ամիսներէ ի վեր կը փորձեն հասկնալ` արդեօք առեղծուածային ներդրողի պատճառով պիտի զրկուի՞ն իրենց տուներէն:

«Կովերու Պարտէզ» կալուածքի գործարքին մասին «AP»-ն (Associated Press) կը գրէ` շեշտելով, որ «հին քաղաքին մէջ գտնուող հայկական թաղամասին մօտ 25 տոկոսի հարիւրամեայ վարձակալական պայմանագրին շուրջ ծագած վէճը արդէն քաղաքներու պարիսպներէն դուրս տարածուած է»:

Գործարքին պատճառով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը վանքին մէջ մեկուսացած է, գործարքի ետին կանգնած քահանան ալ շնորհազրկուած է, փախուստի դիմած է` թաքնուելով Լոս Անճելեսի մէջ:

Երուսաղէմի հայերուն պատկանող հողատարածքներու վարձակալութեան մասին յայտնի դարձած է Ապրիլին` իսրայէլեան երկրաչափերու անակնկալ այցէն յետոյ: Պարզուած է, որ իսրայէլեան ծագման գործարար մը մտադիր է հայերու բնակարաններու եւ խանութներու կրաքարէ ամրոցը, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժի կայանատեղին վերածել շքեղ պանդոկի:

Զայրոյթի, շփոթութեան, վտարման վտանգի լոյսին տակ Հայոց պատրիարքարանը, որ համայնքի ինչպէս կրօնական, այնպէս ալ քաղաքացիական գործերը տնօրինող մարմինն է, ի վերջոյ խոստովանած է, որ եկեղեցին հողամասին վերաբերող գործարք ստորագրած է:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան Մանուկեան

Հայոց պատրիարք Նուրհան Մանուկեանը կը պնդէ, որ «ապօրինի եւ խարդախ» գործարքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ կարգալոյծ եղած քահանան: Պատրիարքին հաւաստմամբ, այդ ամէնը տեղի ունեցած է իր մէջքի ետին:

Այս խոստովանութիւնն ալ աւելի բորբոքած է կիրքերը Հայկական թաղամասին մէջ. բնակիչները կը դատապարտեն գործարքը` տեղի ունեցածը գնահատելով սպառնալիք Երուսաղէմի մէջ համայնքի երկարամեայ ներկայութեան եւ կը պահանջեն չեղարկել զայն:

Յորդանան «մտահոգուած է», Պաղեստինը Հայոց եկեղեցին կը մեղադրէ
Հարեւան Յորդանանը, որ պատմական կապեր ունի Երուսաղէմի քրիստոնէական վայրերուն հետ, յայտարարած է, որ մտահոգուած է «Սուրբ քաղաքի ապագային համար»:

Պաղեստինցի պաշտօնեաները Հայոց պատրիարքը մեղադրած եւ յայտարարած են, որ նման քայլով Մանուկեանը օգնած է Իսրայէլի կառավարութեան:

Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ կռուախնձոր համարուող Երուսաղէմի մէջ նմանօրինակ հողային գործարքներուն պաղեստինեան կողմը աւանդաբար կոշտ կ’արձագանգէ` մտավախութիւն ունենալով, որ Իսրայէլը այդկերպ քայլ առ քայլ կը փորձէ դուրս մղել Պաղեստինը Արեւելեան Երուսաղէմի ռազմավարական տարածքներէն:

«Ազատութիւն»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment