Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Խնդրանքով Ուաշինկթընի Մէջ Նախատեսուող Քննարկումներու Հերթական Փուլը Կը Յետաձգուի․ ՀՀ ԱԳՆ

Պաքուի Խնդրանքով Ուաշինկթընի Մէջ Նախատեսուող Քննարկումներու Հերթական Փուլը Կը Յետաձգուի․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանական կողմին խնդրանքով` միւս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող քննարկումներու հերթական փուլը կը յետաձգուի, կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Հանդիպման նոր ժամկէտներուն վերաբերեալ, ըստ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան, հանրութիւնը պատշաճ կերպով պիտի տեղեկացուի:

Աւելի վաղ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը պիտի հանդիպին Յունիս 12-ին Ուաշինկթընի մէջ:

Ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան թղթակիցը, վկայակոչելով ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան իր աղբիւրը, յայտնած էր, որ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը կրնայ յետաձգուիլ:

«Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ ոչ Յունիս 12-ին, ոչ ալ նոյնիսկ յաջորդ շաբաթ, ինչպէս կ’ենթադրուէր ի սկզբանէ», «Թուրան»ի փոխանցմամբ, ըսած է դիւանագիտական աղբիւրը, որ նաեւ յաւելել է․ «Խօսքը բացառապէս ժամանակացոյցի եւ լոկիսթիքայի մասին է»:

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի տեղակալ Վետանթ Փատելը յայտնած էր, որ «անհամբեր կը սպասեն Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլի հիւրընկալման»` շեշտելով, որ չի կրնար նշել հանդիպման որեւէ ժամանակացոյց ու ամսաթիւ. «Ես չեմ պատրաստուիր հաստատելու կամ որեւէ ներքին տեղեկատուութիւն տրամադրելու ժամանակացոյցի կամ հնարաւոր ամսաթիւերու հետ կապուած»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment