Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սամուէլ Բաբայեան Կ’առաջարկէ Ստեփանակերտ-Պաքու Երկխօսութեան Միջոցով Ապահովել Արցախի Մէջ Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը

Սամուէլ Բաբայեան Կ’առաջարկէ Ստեփանակերտ-Պաքու Երկխօսութեան Միջոցով Ապահովել Արցախի Մէջ Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը

by MassisPost

Արցախի խորհրդարանի մեծութեամբ երկրորդ ուժի` «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեան հանդէս կու գայ Ստեփանակերտ-Պաքու ուղիղ երկխօսութեան օգտին. «Ակնյայտ է, որ Արցախի ժողովուրդը Ալիեւի պահանջով չի կազմալուծելու պետական հիմնարկները եւ ինքն իրեն չի զրկելու անկախ միաւոր ըլլալուց, այդ թւում` հետագայ բանակցութիւններում: Ալիեւի հռետորաբանութիւնը ոչ միայն խորացնում է ատելութեան մթնոլորտը, այլեւ հրահրում նոր սրացումներ, որից, ի դէպ չի շահելու առաջին հերթին Ատրպէյճանը»:

Անդրադառնալով ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի խօսնակի յայտարարութեան, որով ան ողոջունած էր Ալիեւի համաներման մասին յայտարարութիւնը` Սամուէլ Բաբայեան կը նշէ, որ ամերիկացի պաշտօնեան կ’առաջնորդուի եւ կը սպասարկէ իր երկրին շահը: Իսկ այդ շահը կ’ենթադրէ ընդգծուած յարաբերութիւններ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, ինչով պայմանաւորուած են այդ բովանդակութեամբ յայտարարութիւնները:

Հաշուի առնելով այս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու մասին յայտարարութիւնները` Արցախը, Սամուէլ Բաբայեանի համոզմամբ, պարտաւոր է ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարել` նախաձեռնելով Ստեփանակերտ-Պաքու ուղիղ բանակացութիւններ եւ անոնց շնորհիւ ձեւաւորել Ատրպէյճանի հետ փոխվստահութեան մթնոլորտ. «Այդ կերպ միայն հնարաւորութիւն կը ստեղծուի Արցախում ապահովել ժողովրդի անվտանգութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment