Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եթէ Պաքու-Ստեփանակերտ Երկխօսութիւնը Տեղի Չունենայ, Խնդիրը Պիտի Չլուծուի․ Ալէն Սիմոնեան

Եթէ Պաքու-Ստեփանակերտ Երկխօսութիւնը Տեղի Չունենայ, Խնդիրը Պիտի Չլուծուի․ Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կը կարծէ, որ միւջազգային մեխանիզմներու ներքոյ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է նաեւ Ատրպէյճանի համար, որովհետեւ, եթէ այդ երկխօսութիւնը չկայանայ, խնդիրը պիտի չլուծուի: ԱԺ նախագահը այս մասին ըսաւ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ընթացքին:

Հարցումին, թէ Հայաստանի համար սկզբունքայի՞ն է Պաքու-Ստեփանակերտ միջազգային երկխօսութեան ձեւաւորումը` հաշուի առնելով այն, որ Ատրպէյճանը չի համաձայնիր անոր, Ալէն Սիմոնեան պատասխանեց․

«Մենք պէտք է հասնենք նրան, որ Ատրպէյճանը նստի ու խօսի դրա մասին, որովհետեւ հակառակ պարագայում նոյն Ատրպէյճանին ձեռնտու իրավիճակ չի ստեղծուի, կը լինի մի մեծ բաց, որը տարիների, տասնամեակների ընթացքում չի կարողանալու փակել: Եթէ Ատրպէյճանը չնստի ու չխօսի Արցախում բնակուող հայ բնակչութեան հետ, այդ վէրքը մի օր պտուղներ տալու է», ըսաւ Սիմոնեան` յաւելելով, որ միջազգային գործօնը եւ միջազգային ճնշումը մեծ դեր ունին:

Այս առումով, ըստ Ազգային Ժողովի նախագահին, Հայաստանը յաջողութիւններ ունի:

Ալէն Սիմոնեան կը կարծէ, որ եթէ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւնը տեղի չունենայ, խնդիրը պիտի չլուծուի:

«Այլ տարբերակը ցեղասպանութիւնն է, որը թոյլ չենք տայ: Ատրպէյճանական իշխանութիւնները պէտք է մտածեն, որ այդ հարցն իրենց համար շատ աւելի կարեւոր է, քան մեզ համար», եզրափակեց Սիմոնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment