Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն «Անհիմն Եւ Կողմնակալ» Համարած Է Ալիեւի Լաչինի Ելոյթին Մասին ՀՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը

Պաքուն «Անհիմն Եւ Կողմնակալ» Համարած Է Ալիեւի Լաչինի Ելոյթին Մասին ՀՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը «անհիմն եւ կողմնակալ» համարած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յայտարարութիւնը կապուած Ալիեւի` Լաչինի շրջանին մէջ ունեցած ելոյթին հետ:

«Հայաստանի ԱԳՆ-ի կողմէ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը յարգելու անհրաժեշտութեան, Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտութեան անթոյլատրելիութեան եւ տարածաշրջանին մէջ անջատողականութեան նպաստող քայլերու վճռական կանխարգիլման վերաբերեալ Ատրպէյճանի նախագահին կոչերը միտումնաւոր խեղաթիւրելը կը վկայէ այն մասին, որ Հայաստանի ԱԳՆ-ն դասեր չի քաղեր պատմութենէն», ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Լաւ պիտի ըլլար, որ հայկական կողմը խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը խոչընդոտելու եւ կեղծ յայտարարութիւններ ընելու փոխարէն, ոչ թէ խօսքով, այլ գործով յարգէր մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, այդ շարքին` Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանը», եզրափակած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն` շեշտելով, որ «Ատրպէյճանը մտադիր է ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը տեղի հայ բնակիչներու վերահամարկման համար»:

Պաշտօնական Երեւանը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է Մայիս 28-ին Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ հնչած յայտարարութիւններուն, պնդելով որ անոնք «միտուած են վիժեցնելու Հայաստանի Հանրապետութեան ու միջազգային գործընկերներուն ջանքերը` ուղղուած տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման»:

Հայկական արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նաեւ ընդգծած է, թէ «աներկբայ է, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը չի կրնար մեկնաբանուիլ որպէս ԼՂ բնակչութեան դէմ ցեղային զտումներ իրականացնելու իրաւասութիւն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment