Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թմրամիջոցի Մաքսանենգութեան Գործով Միհրան Պօղոսեանի Նկատմամբ Հետախուզում Յայտարարուած Է

Թմրամիջոցի Մաքսանենգութեան Գործով Միհրան Պօղոսեանի Նկատմամբ Հետախուզում Յայտարարուած Է

by MassisPost

Առանձնապէս մեծ չափերով թմրամիջոցի մաքսանենգութիւն կատարելու գործով քրէական հետապնդում յարուցուած է «Մրգենի» ընկերութեան փաստացի սեփականատիրոջ` Մ.Պ-ի (Միհրան Պօղոսեան), նոյն ընկերութեան տնօրէն Լ.Ա-ի եւ պահեստապետ Ս.Գ-ի նկատմամբ, տեղեկացուցած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը:

Ըստ հաղորդման` վերջիններուս նկատմամբ, որպէս խափանման միջոց, ընտրուած է կալանքը, Պօղոսեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Մայիս 17-ին Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը յայտարարեց մէկ թոն քոքայինի ներմուծումը բացայայտելու մասին: Այս յայտարարութենէն գրեթէ մէկ շաբաթ անց ԱԱԾ-ն բացայայտեց նաեւ թմրանիւթը ներկրած ընկերութեան անունը եւ յայտնեց միայն մէկ հոգիի ձերբակալութեան մասին: Ձերբակալուածը ԴԱՀԿ նախկին պետ Միհրան Պօղոսեանի հետ առնչուող «Մրգենի» ընկերութեան ներմուծումներու եւ գնման բաժնի պետն էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment