Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Վճռորոշ Նշանակութիւն Ունի Պաքուի Եւ Նախկին ԼՂԻՄ-ի Մէջ Բնակող Հայերուն Միջեւ Երկխօսութիւնը»․ Շարլ Միշէլ

«Վճռորոշ Նշանակութիւն Ունի Պաքուի Եւ Նախկին ԼՂԻՄ-ի Մէջ Բնակող Հայերուն Միջեւ Երկխօսութիւնը»․ Շարլ Միշէլ

by MassisPost

«Կը սպասենք Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու շարունակութեան Քիշինեւի մէջ` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ», Թուիթերով գրած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը:

«Կարեւոր է վերահաստատել միմեանց ինքիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու յարգանքը, ինչպէս նաեւ յառաջ ընթանալ սահմանի սահմանազատման գործին մէջ, նաեւ նուազեցնել վտանգները սահմանամերձ շրջաններուն մէջ», գրած է Շարլ Միշէլ:

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը ընդգծած է` «հիմա վճռական նշանակութիւն ունի Պաքուի եւ նախկին ԼՂԻՄ-ի մէջ բնակող հայերուն միջեւ երկխօսութիւնը` անոնց իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան շուրջ»:

«Կարեւոր է զերծ մնալ առաւելապաշտական դիրքորոշումներէ եւ ձգտիլ երկխօսութեան», գրած է Շարլ Միշէլ` նկատելով, որ «աւելի քան 30-ամեայ հակամարտութենէն յետոյ վէրքերը միանգամայն չեն բուժուիր: Համարձակ որոշումներ են անհրաժեշտ»:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Յունիս 1-ին Քիշինեւի մէջ պիտի ըլլան` եւրոպական գագաթաժողովի ծիրին մէջ: Կը սպասուի հնգակողմ հանդիպում Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի, Շարլ Միշէլի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ու Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ: Ըստ Պաքուի` Քիշինեւի մէջ կրնայ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուիլ: Երեւանն ալ յայտարարած է, որ Քիշինեւի մէջ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու օրակարգին վրայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը ներառուած չէ, իսկ համաձայնագրի շուրջ քննարկումները կը շարունակուին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment