Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Մնայ Ռուսիոյ Վերահսկողութեան Տակ․ Միրզոյեանը` Լաւրովին

Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Մնայ Ռուսիոյ Վերահսկողութեան Տակ․ Միրզոյեանը` Լաւրովին

by MassisPost

Լաչինի միջանցքը պէտք է ըլայ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ, ինչ որ ներկայիս այդպէս չէ, Մոսկուայի մէջ ռուս պաշտօնակիցին հետ հանդիպման մեկնարկին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

«2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնում շատ յստակ ձեւակերպուած է Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ ռեժիմը: Լաչինի միջանցքը պէտք է մնայ Ռուսաստանի Դաշնութեան վերահսկողութեան տակ, բայց, ցաւօք, այժմ անհնար է արձանագրել, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը վերահսկում է Լաչինի միջանցքը», ըսած է Միրզոյեան:

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով իր խօսքին մէջ հաւաստիացուցած է, որ Մոսկուան մտադիր է ընել հնարաւորը եռակողմ հանդիպման ընթացքին արդիւնքներու հասնելու համար:

«Երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու եւ համաձայնագրերու դերը պէտք է որոշիչ ըլլայ բոլոր հարցերու շուրջ բոլոր լուծումները գտնելու»,  յայտնած է Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment