Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթըն Կ’ողջունէ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Երկխօսութիւնը` Անկախ Անոր Կայացման Վայրէն

Ուաշինկթըն Կ’ողջունէ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Երկխօսութիւնը` Անկախ Անոր Կայացման Վայրէն

by MassisPost

Ուաշինկթըն կ’աջակցի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան` անկախ անկէ, թէ ուր տեղի կ’ունենան բանակցութիւնները: Այս մասին յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան Մամուլի Ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Վետանթ Փաթելը` մեկնաբանելով Մայիս 25-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներ Նիկոլ Փաշինեանի ու Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:

«Մենք կ’ողջունենք տեղեկութիւնները այն մասին, որ կողմերը մտադիր են շարունակել քննարկումները:

Կը կրկնեմ` մենք համոզուած ենք, որ խաղաղութիւնը հասանելիութեան սահմաններուն մէջ է, եւ որ ուղիղ երկխօսութիւնը այս խնդիրներու լուծման բանալին է: Կողմերուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները սկզբունքօրէն կարեւոր են, եւ մենք ուրախ ենք, որ անոնք տեղի կ’ունենան, ուր ալ որ ըլլաան` Արլինկթընի, Պրիւքսէլի, թէ Մոսկուայի մէջ», յայտնած է ան:

Փաթել ուղիղ պատասխան չէ տուած հարցումին, թէ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ այս հարցին շուրջ կ’ընթանա՞ն արդեօք «քուլիսային բանակցութիւններ»:

«Չխորանալով դիւանագիտական յարաբերութիւններու մանրամասնութիւններուն մէջ` կրնամ ըսել, որ նոյնիսկ հսկայական ճնշման փուլին Ռուսիոյ հետ երկկողմ յարաբերութիւնները պահպանելու պատճառներէն մէկը այն է, որ, ի հարկէ, մեր երկիրներուն առջեւ ծառացած են շարք մը խնդիրներ, որոնք մենք պէտք է ամենայն պատասխանատուութեամբ քննարկենք համապատասխան կերպով», նշած է Պետական Քարտուղարութեան Մամուլի Ծառայութեան ղեկավարի տեղակալը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment