Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Հայաստան Խաղաղութիւն Կ’ուզէ, Ապա Ինչո՞ւ Հարիւր Միլիոնաւոր Տոլարներու Զէնք Կը Գնէ․ Ալիեւ

Եթէ Հայաստան Խաղաղութիւն Կ’ուզէ, Ապա Ինչո՞ւ Հարիւր Միլիոնաւոր Տոլարներու Զէնք Կը Գնէ․ Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ընդունելով իր երկրին մէջ Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպան Շրիտհարան Մատյուսուտհանանի հաւատարմագրերը, իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Ատրպէյճանի առաջնորդը կրկին պնդած է, որ Հայաստանի մէջ կը գործեն «ռեւանշիստական ուժեր, որոնք տակաւին տարածքային յաւակնութիւններ ունին»:

«Խօսելով այն մասին, որ Հայաստանի սրընթաց սպառազինուիլը նոր սպառնալիքներ կը ստեղծէ, պետութեան ղեկավարը նշած է, որ եթէ Հայաստանը իսկապէս խաղաղութիւն կ’ուզէ Ատրպէյճանի հետ, ապա ինչո՞ւ պէտք է հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու զէնք գնէ», կ’ըսուի Ատպէյճանի նախագահի Մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ալիեւ պնդած է, որ Հայաստանի այդ քաղաքականութիւնը «կրնայ յանգեցնել տարածաշրջանի համար նոր սպառնալիքներու»:

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման անհրաժեշտութիւնը պնդող Ատրպէյճանի նախագահը բազմիցս յայտարարած է, որ Պաքուն կը շարունակէ հսկայական գումարներ ծախսել բանակին վրայ:

«Ինչո՞ւ, որովհետեւ մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք: Կը մեծնան սպառնալիքները, կը մեծնայ վտանգը, եւ մենք միշտ պէտք է ի վիճակի ըլլանք յաղթահարելու որեւէ սպառնալիք»,  անցած օրերուն իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կը պնդէր Իլհամ Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment