Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան Եւ Խովաեւ Քննարկած Են Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Վերաբերող Հարցեր

Փաշինեան Եւ Խովաեւ Քննարկած Են Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցերու:

Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է առկայ առանցքային խնդիրներու կարգաւորման հարցով հայկական կողմին մօտեցումները:

Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը պէտք է յարգուին եւ պաշտպանուին: Ռուսական կողմը ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի եւ գործէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ծիրին մէջ:

ԱԽ քարտուղարը ներկայացուցած է հայկական կողմին դիրքորոշումները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման շարք մը հարցերու շուրջ:

Իկոր Խովաեւը ընդունած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցեր:

Միրզոյեան, ըստ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան  հաղորդագրութեան, անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ սկզբունքային խնդիրներու վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումներուն:

Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող արգելափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող հումանիտար ճգնաժամին առնչութեամբ վերահաստատուած է Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ շահագրգիռ գործընկերներու կողմէ գործուն քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment