Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանը 2023-ի Պետական Պիւտճէին Մէջ Պիտի Աւելցնէ Պաշտպանական Ծախսերը. Ալիեւ

Ատրպէյճանը 2023-ի Պետական Պիւտճէին Մէջ Պիտի Աւելցնէ Պաշտպանական Ծախսերը. Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 2023 թուականի պետական պիւճէն վերանայելով պիտի աւելցնեն պաշտպանութեան ոլորտի ֆինանսաւորումը, յայտնած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

«Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ մենք կանգ չենք առած, ընդհակառակը` յառաջ կ’երթանք: Այս տարուան պետական պիւտճէին մէջ լրացումներ պիտի կատարուին, զգալի մէկ մասը կրկին նախատեսուած է պաշտպանական նպատակներով: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք: Սպառնալիքները կ’աճին, վտանգը կը մեծնայ, եւ մենք պէտք է կարենանք յաղթահարել որեւէ սպառնալիք», ըսած է Ալիեւ:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ատրպէյճանի 2023-ի պետական պիւտճէն պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան միջոցառումներու ֆինանսաւորման համար կը նախատեսէ 5,3 միլիառ մանաթ (ընթացիկ փոխարժէքով աւելի քան 3,1 միլիառ տոլար) կամ պետական պիւտճէի ծախսերուն 16 տոկոսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment