Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Զինուժը Կրակի Տակ Առած է Վարդենիսի Սոթք Գիւղի Ուղղութեամբ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերը

Ատրպէյճանի Զինուժը Կրակի Տակ Առած է Վարդենիսի Սոթք Գիւղի Ուղղութեամբ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերը

by MassisPost

Մայիս 11-ի վաղ առաւօտեան ժամը 6-էն սկսեալ  Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները հրետանային կրակի տակ առած են Վարդենիսի Սոթք գիւղի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերը: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը 4 ժամ անց հաղորդեց, որ լարուածութիւնը նուազած է:

«Հրետակոծութեան բուռնութիւնը որոշակիօրէն նուազել է Հայկական բանակի համարժէք ու արդիւնաւէտ պատասխան գործողութիւններից յետոյ», գործադիրի նիստին յայտնեց վարչապետ Փաշինեանը յայտարարելով, որ «դեռ վաղ է իրադրութիւնը լիարժէք կայուն համարել»:

Կէսօրուան դրութեամբ իրավիճակը առաջնագիծին շարունակեց յարաբերականօրէն կայուն մնալ: Հայկական կողմը 4 վիրաւոր ունի, առողջապահութեան նախարարին տեղեկացմամբ` բեկորային վնասուածքներ են:

«Երկուսի վիճակը միջին ծանրութեան է, երկուսինը` բաւարար, կարող ենք ասել, որ նրանց կեանքին այս պահին որեւէ բան չի սպառնում», ըսաւ Անահիտ Աւանեսեանը:

Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, ըստ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան, վիրաւոր զինուորները տեղափոխող շտապօգնութեան ինքնաշարժին ուղղութեամբ կրակ բացած են:

«Շտապօգնութեան մեքենաները եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցող կազմակերԺութիւնները հանդիսանում են յատուկ առարկաներ եւ որեւէ ձեւով նրանց թիրախաւորելն ընդունելի չէ», նշեց առողջապահութեան նախարարը:

Պաշտօնական Պաքուն կը յայտարարէ մարտական գործողութիւններուն զոհուած մէկ զինուորի մասին, եւ կը պնդէ, որ երէկ երեկոյէն հայկական կողմը կը կրակէ եւ ատրպէյճանցի մէկ զինուոր ալ ծանր վիրաւորում ստացած է: Վարչապետը սա յօրինուածք համարած է:

«Նախորդ օրը նման բան տեղի չի ունեցել մի պարզ պատճառով` որեւէ միջադէպ չի գրանցուել եւ ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան մեքենան ետին թուով այդ լուրը յօրինել է իրադրութիւնը սրելու համար», ըսաւ Փաշինեան:

Օրուան առաջին կէսին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւններ կը տարածէին, թէ հայկական կողմը նոր գործողութեան կը նախապատրաստուի, կը կիրառէ իրանեան անօդաչու թռչող սարքեր: Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հերքէ, որ բանակը պաշտպանական-կանխարգելիչ միջոցառումներու կը ձեռնարկէ, իսկ իրանեան անօդաչուներ հայկական սպառազինութեան մէջ չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment