Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Կը Նախազգուշացնէ. Եթէ Երեւանը Նոյն Կերպ Շարունակէ, Հայ-Թրքական Կարգաւորման Գործընթացը Կ’ընդհատուի

Անգարան Կը Նախազգուշացնէ. Եթէ Երեւանը Նոյն Կերպ Շարունակէ, Հայ-Թրքական Կարգաւորման Գործընթացը Կ’ընդհատուի

by MassisPost

Եթէ Երեւանը նոյն կերպ շարունակէ, հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացը կ’ընդհատուի, նախազգուշացուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը` պատասխանելով Երեւանի մէջ «Նեմեսիս» արձանի տեղադրման մասին թուրք լրագրողի հարցումին:

Մեվլութ Չաւուշօղլուն արդէն երկրորդ անգամն է խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւնները, աւելի վաղ ալ պարզաբանած էր, որ Թուրքիոյ օդային տարածքը փակած են Հայաստանի համար այդ արձանին պատճառով:

Արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը թրքական հեռուստալիքին տուած հարցազրոյցին նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ օդը փակ եղած է նաեւ վերջերս Չեխիա մեկնած վարչապետ Փաշինեանի օդանաւին համար:

«Յոյժ կարեւոր օդանաւերուն համար ալ փակեցինք: Կը ներէք, բայց թող ոեւէ մէկը չնեղանայ: Փաշինեանի օդանաւին համար ալ փակած ենք օդային տարածքը: Միայն Ազգային Ժողովի նախագահին համար, որ կու գար Սեւծովեան տնտեսական կազմակերպութեան ժողովին, քանի որ հիւրընկալող կողմը մենք էինք, բնականաբար, անոր համար չէինք կրնար փակել: Եթէ շարունակեն այսպէս գործել, կարգաւորման գործընթացը կ’ընդհատուի: Եթէ դուն արձան կը կանգնեցնես ահաբեկիչներու յիշատակին, ես այդ չեմ կրնար ընդունիլ», ըսած է Չաւուշօղլուն:

Հայաստանն ու Թուրքիան յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ սկսան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, ու թէեւ պաշտոպանէս կը յայտարարուի, որ գործընթացը կ’ընթանայ առանց նախապայմաններու` Անգարան յաճախ հաշտեցումը կը կապէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն ու ղարաբաղեան հարցին հետ:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը պնդած է, որ պաշտօնական Երեւանի գործողութիւններուն մէջ մեծ անհամապատասխանութիւն կայ: Կրկնած է նաեւ պաշտօնական Պաքուի մեղադրանքները, թէ Հայաստանը զինուորական ներկայութիւն ունի Արցախի մէջ, ինչ որ Երեւանը բազմիցս հերքած է: Չաւուշօղլուն յիշատակած է նաեւ Հայաստանի կողմէ մերժուող, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը»:

«Մէկ կողմէ շարունակ կ’ըսէք, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանինն է, միւս կողմէ տարբեր ճանապարհներով, ոչ-հիմնական ճանապարհով, այլ՝ կողմնակի, զինուած մարդիկ կ’ուղարկէք: Ինչո՞ւ համար կ’ուղարկէք: Եթէ խաղաղութիւն կ’ուզէք, ինչո՞ւ կ’ուղարկէք: Համաձայնագիր ստորագրած էք, բայց տակաւին Զանգեզուրի անցման հետ կապուած քայլ չէք ըրած: Ռուսերն ալ անկէ կ’անհանգստանան, բոլորն ալ կը տեսնեն իրականութիւնը: Ամերիկացիներն ալ կը տեսնեն իրականութիւնը», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը:

Չաւուշօղլուի գնահատմամբ, իրենք յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ հայկական կողմին անկեղծութիւնը չեն տեսներ, շարունակելով որ Հայաստանը այս կարգաւորման կարիքը աւելի շատ ունի:

«Թէեւ սա կը հասկնան, բայց անազնիւ քայլ կ’ընեն: Մենք ըսինք` լաւ, երկրաշարժին եկան, օգնեցին, արտաքին գործերու նախարարը եկաւ, շնորհակալութիւն յայտնեցինք, ասոնք մարդկային բաներ են, քաղաքականութենէ դուրս, բայց դուք հիմա իմ դիւանագէտները նահատակ դարձուցած ահաբեկիչներուն արձանը որ կը դնէք, ես այդ չեմ կրնար ընդունիլ», ըսած է Չաւուշօղլուն:

Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ «Նեմեսիս» գործողութեան հեղինակներուն նուիրուած արձանը բացուած է Ապրիլ 25-ին: Այն, ըստ նախաձեռնութեան հեղինակներուն, կը յաւերժացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած երիտթուրք պարագլուխներէն եւ 1918-ի Պաքուի մէջ հայերու ջարդերու կազմակերպիչներէն վրէժ լուծած հայորդիներուն յիշատակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment