Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Զգալի Յառաջընթաց Արձանագրած Են Բարդ Խնդիրներու Լուծման Գործին մէջ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Զգալի Յառաջընթաց Արձանագրած Են Բարդ Խնդիրներու Լուծման Գործին մէջ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւնները Ուաշինկթընի մէջ կայացած բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնեցուցած են հնարաւոր խաղաղութեան համաձայնագրի որոշ դրոյթներ: Այս մասին ճեպազրոյցին յայտարարած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Վետանթ Փաթելը:

«Մեր կարծիքով` անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած քննարկումները կառուցողական էին: Եւ մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները զգալի յառաջընթաց արձանագրծ են բարդ խնդիրներու լուծման գործին մէջ: Ինչպէս գիտէք, երկու երկիրները սկզբունքօրէն համաձայնութեան եկած են որոշակի պայմաններու շուրջ, աւելի լաւ կը հասկնան միմեանց: Կը կարծենք, որ յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան եւ փոխզիջումներու պարագային համաձայնագիրը հասանելիութեան սահմաններու մէջ է», ըսած է Փաթել:

Անոր խօսքով` Միացեալ Նահանգները կը ցուցաբերէ ամբողջ անհրաժեշտ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին ու Հայաստանին: Առկայ տուեալներով, նշած է ան, կողմերը կը շարունակեն փոխգործակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment