Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Մէջ Հանդիպած Են Միրզոյեանը, Պայրամովն Ու Ճէյք Սալիւանը

ԱՄՆ-ի Մէջ Հանդիպած Են Միրզոյեանը, Պայրամովն Ու Ճէյք Սալիւանը

by MassisPost

Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած են Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը, ԱՄՆ նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանը եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:

Եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր:

Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի շարունակական նախայարձակ քաղաքականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւումը չեն նպաստեր տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ջանքերուն: Նախարար Միրզոյեան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, ամենաբարձր մակարդակով հնչող ատելութեան խօսքը եւ ուժի կիրառման բացայայտ սպառնալիքները կը վկայեն Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտումներու ենթարկելու Ատրպէյճանի մտադրութեան եւ իրական սպառնալիքին մասին:

Ընդգծուած է, որ համապարփակ կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ կայունութեան հաստատման համար առանցքային են զօրքերու ետքաշումը, Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն ու անվտանգութեան խնդիրներու հասցէագրումը` միջազգայնօրէն երաշխաւորուած երկխօսութեան մեխանիզմի շրջանակներուն մէջ:

«Մենք կ’ողջունենք յառաջընթացը, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը արձանագրած են բանակցութիւններուն մէջ, եւ կը խրախուսենք շարունակական երկխօսութիւնը», Թուիթըրի մէջ գրած է ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ հանդիպումէն յետոյ:

«Կայուն եւ արդար համաձայնագիրը առանցքային պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին համար հնարաւորութիւններ բանալու համար», վստահութիւն յայտնած է Սալիւանը:

«Ուրախ էինք Սպիտակ Տան մէջ հիւրընկալել Արարատ Միրզոյեանը եւ Ճէյհուն Պայրամովը», նաեւ նշած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment