Երեւանի մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին ներառուած է աշխարհի 25 ամենագեղեցիկ տաճարներու ցանկին վրայ:
Այս մասին տեղեկատուութիւնը հրապարակած է Luxatic փրթալը` նշելով.
«Սա մեր ցանկի նորագոյն տաճարներէն է` կառուցուած Վազգէն Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ: Յայտնի է որպէս Երեւանի Մայր տաճար, այն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ամենամեծ տաճարն է աշխարհի մէջ: Համալիրը բաղկացած է երեք եկեղեցիներէ: Հայկական աւանդական ճարտարապետական ոճով կառուցուած տաճարը երկրի ամենաշատ այցելուող եկեղեցին է», կը նշէ հրատարակութիւնը:
Նշենք, որ ցանկի առաջին դիրքին վրայ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարն է, երկրորդը` Փարիզի Աստուածամօր տաճարը: