Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակին Հարցը Միջազգային Առումով Կը Շարունակէ Մնալ Չլուծուած»․ Արցախի Նախագահ

«Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակին Հարցը Միջազգային Առումով Կը Շարունակէ Մնալ Չլուծուած»․ Արցախի Նախագահ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը միջազգային առումով կը շարունակէ մնալ չլուծուած, եւ ասոր հետ պէտք է հաշուի նստիլ, «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցին յայտնած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` նկատելով, որ թէեւ Ատրպէյճանի նախագահը արդէն երրորդ տարին է շարունակ կը փորձէ աշխարհին համոզել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած է, եւ որ «Լեռնային Ղարաբաղ» հասկացութիւն այլեւս գոյութիւն չունի, ըստ Յարութիւնեանի, խնդիրն այն է, որ այս բոլորին շուրջ Ալիեւը չունի լայն միջազգային հանրութեան համաձայնութիւն:

Արցախի նախագահը կը յիշեցնէ, որ 1992 թուականի Յունուար 30-ին Ատրպէյճանը, ճանչցուած ըլլալով ընդամէնը քանի մը պետութիւններու կողմէ, Հայաստանի հետ նոյն օրը անդամագրուեցաւ ԵԱՀԽ-ին` Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Խորհուրդին (այժմ` ԵԱՀԿ):

Ըստ Յարութիւնեանի` այդ պետութիւններուն ինքնիշխանութիւնը ԵԱՀԽ-ի կողմէ ճանչցուած էր այն պայմանով, որ անոնք իրենց հերթին կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելութեան շուրջ տարաձայնութիւնների առկայութեան փաստը եւ կը համաձայնին, որ Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակը պիտի որոշուի ԵԱՀԽ հովանիին ներքոյ տեղի ունենալիք խաղաղութեան համաժողովի ժամանակ:

«Երկու պետութիւններն էլ տուել են նման համաձայնութիւն, դրանով իսկ ընդունելով Լեռնային Ղարաբաղի` վիճելի տարածքի միջազգային կարգավիճակը եւ ստանձնելով հիմնախնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու պարտաւորութիւն: Սակայն, ԵԱՀԽ-ին անդամակցելուց յետոյ Ատրպէյճանն անմիջապէս խախտեց իր միջազգային պարտաւորութիւնը: ԼՂՀ ատրպէյճանաբնակ բնակավայրերը վերածելով ռազմական յենակէտերի` Ատրպէյճանը լայնածաւալ ռազմական յարձակում սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդն էլ օգտուեց ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքից: Ատրպէյճանի յարձակումը պսակուեց պարտութեամբ իր իսկ համար», կ’ըսէ Արայիկ Յարութիւնեանը:

Արցախի Հանրապետութիւնը (ԼՂՀ-ն) տէ-ֆաքթօ կայացած է 1992-94 թուականներուն Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ձեռք բերած յաղթանակն շնորհիւ, կը նշէ Յարութիւնեան` նկատելով միջազգայնօրէն ճանչցուած է ԼՂՀ-ի ու Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծը:

«Միջազգային բանակցութիւններուն մէջ ցայսօր չկայ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ԼՂՀ կարգավիճակին շուրջ»

Արցախի նախագահին խօսքով` միջազգային բանակցութիւններուն մէջ ցայսօր չկայ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ինչպէս ԼՂՀ կարգավիճակի, այնպէս ալ ԼՂՀ-ի ու Ատրպէյճանի սահմանազատման գիծին շուրջ: Կարգավիճակին շուրջ որեւէ համաձայնութիւն չկայ նաեւ 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեան մէջ, կ’ըսէ Յարութիւնեան` նշելով, որ այդ կը նշանակէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը շարունակէ ունենալ հակամարտային կամ վիճելի տարածքի միջազգային կարգավիճակ, բայց ոչ երբեք Ատրպէյճանի մաս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment