Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ժողովուրդին 42 Տոկոսը Կը Համարէ, Որ Փոփոխութիւնները Դանդաղ Կ’ընթանան․ IRI

Հայաստանի Ժողովուրդին 42 Տոկոսը Կը Համարէ, Որ Փոփոխութիւնները Դանդաղ Կ’ընթանան․ IRI

by MassisPost

Վերջին կէս տարուան ընթացքին կառավարութեան ամենամեծ ձեռքբերումները դիւանգիտական կապերու զարգացումն ու ճանապարհներու բարեկարգումն են, իսկ ամենամեծ ձախողումը` Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալն ու ղարաբաղեան հարցի տապալումը: Հարցման այսպիսի արդիւնքներ ստացուած են IRI-ի` Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի, նախաձեռնած հետազօտութեան միջոցով: Տուեալները հաւաքուած են Հայաստանի մէջ Յունուարէն մինչեւ Մարտ ինկած ժամանակահատուածին:

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացմամբ բաւարարուած է հարցուածներուն 17 տոկոսը, 42 տոկոսը կը համարէ, որ փոփոխութիւնները դանդաղ կ’ընթանան, իսկ 35 տոկոսը կը կարծէ, թէ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չ’ունենար:

Ապագային կը հաւատայ հարցուածներուն 18 տոկոսը, 26-ը միայն յոյս ունի, որ ապագան որոշ չափով աւելի լաւ պիտի ըլլայ, 35 տոկոսը վախ ունի ապագայի նկատմամբ, 20 տոկոսն ալ կը նշէ, որ հաւատքը լրիւ կորսնցուցած է: Ընդ որում, ապագայի հանդէպ աւելի լաւատես են տղամարդիկ, քան կանայք, ըստ զբաղուածութեան խումբերու` ամենալաւատեսը թոշակառուներն են:

Հարցուածներուն 44 տոկոսին կարծիքով` Հայաստանի մէջ առկայ հիմնական խնդիրները ազգային անվտանգութիւնն ու սահմաններն են: Խնդիրներու շարքին 2-րդ տեղը գործազրկութիւն է, ապա՝ աղքատութիւնը, իսկ 8 տոկոսին գնահատմամբ, գլխաւոր խնդիրը ռազմական ոլորտի բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնն է:

Քաղաքական գործիչներէն ամենամեծ վստահութիւնը կը վայելէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` հարցուածներու 13 տոկոսին գնահատմամբ, 2-րդ տեղը` արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն է, 2 տոկոսի վստահութիւնը կը վայելէ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, 1 տոկոսի վստահութիւնը` «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը, իսկ հարցուածներուն մեծ մասը` 64 տոկոսը, նշած է, որ ոեւէ մէկուն չի վստահիր:

Ո՞ր կուսակցութեան կամ դաշինքին կու տայիք ձեր ձայնը, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենային յաջորդ Կիրակի: Հարցուածներուն 21 տոկոսը նշած է, որ ձայն կու տար «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ին, 4 տոկոսը` «Հայաստան» դաշինքին, 3 տոկոսը` «Բարգաւաճ Հայաստան»ին, իսկ 4-րդ տեղը «Հանրային Ձայն» կուսակցութիւնն է, որուն համահիմնադիրը «Տոկ» ծածկանունով, հայհոյախառն եութուպեան եթերներով յայտնի Վարդան Ղուկասեանն է` ոստիկանութեան նախկին աշխատակից: Ընդ որում, վերջին` 2021 թուականի ընտրութիւններուն ՔՊ-ն ստացած էր ձայներունի 53 տոկոսը, «Հայաստան» դաշինքը` 21:

Ի՞նչ ակնկալիքներ ունին հարցման մասնակիցները կառավարութենէն: 12 տոկոսը կը համարէ, որ կառավարութիւնը պէտք է բարելաւէ բանակային պայմանները, ուշադրութեան կեդրոնին պահէ ազգային անվտանգութեան հարցերը ու պահպանէ սահմանները: 9 տոկոսին համար առաջնային է խաղաղութեան հաստատումը: Մարդոց եւս 9 տոկոսը իշխանութիւններէն կ’ակնկալէ Լաչինի միջանցքի բացում, միեւնոյն ժամանակ Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալը հարցուածներուն մեծ մասը համարած է կառավարութեան ամենամեծ ձախողումը:

Փտածութիւն․ հարցուածներուն 41 տոկոսը կը շարունակէ համարել, որ փտածութեան շատ մեծ խնդիր է Հայաստանի մէջ: Ընդ որում, Հայաստանի բնակիչներուն կարծիքով` փտածութիւնը ամենաշատ առկայ է առողջապահութեան համակարգին, ապա դատարաններուն ու մաքսային ծառայութիւններուն մէջ:

Արտաքին քաղաքականութեան մասին. հարցուածներուն 63 տոկոսը յարաբերութիւնները շատ լաւ կը գնահատէ Ֆրանսայի հետ, 2-րդ տեղը Իրանն է, ապա՝ ԱՄՆ ու ԵՄ, իսկ Ռուսիոյ հետ յարբերութիւնները շատ լաւ կը գնահատէ միայն հարցուածներուն 10 տոկոսը: 49 տոկոսին կարծիքով ալ` Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները շատ վատ կամ որոշ չափով վատ են: Միւս կողմէ, հարցուածներուն 50 տոկոսը կը կարծէ, որ Ռուսիան Հայաստանի համար կարեւոր քաղաքական գործընկեր է, սակայն Ռուսիայէն կարեւոր համարուած են Ֆրանսան, Իրանն ու Միացեալ Նահանգները:

Ո՞ր երկիրները կը ներկայացնեն քաղաքական սպառնալիք Հայաստանի համար. առաջին տեղը Ատրպէյճանն է, ապա՝ Թուրքիան, իսկ 3-րդ տեղը, հարցուածներուն 24 տոկոսին կարծիքով, Ռուսիան է:

Ի՞նչ խնդիրներ պէտք է լուծէ Երեւանի նոր քաղաքապետը. ըստ հարցուածներու մեծամասնութեան` առաջնային խնդիրը փոխադրութեան հարցն է, ապա՝ աղբահանութեան ու կանաչապատման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment