Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ո՛չ Արցախի Ցեղային Զտման» Խորագրով Պահանջագրին Արդէն 33 Հազար Մարդ Միացած Է

«Ո՛չ Արցախի Ցեղային Զտման» Խորագրով Պահանջագրին Արդէն 33 Հազար Մարդ Միացած Է

by MassisPost

«Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» երիտասարդական շարժման կողմէ նախաձեռնուած  պահանջագրի` Ստեփանակերտի եւ Արցախի բոլոր երեք շրջաններու մէջ  կազմակերպուած  ստորագրահաւաքին Մայիս 2-ի դրութեամբ աւելի քան 22 հազար մարդ միացած է: Այդ ստորագրութիւնները ներառուած չեն Change.org առցանց  հարթակին մէջ, ուր պահանջագրին արդէն միացած է շուրջ 11 հազար մարդ:

Բացի անկէ, Մայիս 2-էն ստորագրահաւաքին ֆիզիքապէս միանալու հնարաւորութիւն ստեղծուած է նաեւ Երեւանի մէջ` «Դիզակ Արտ» մշակութային հասարակական կազմակերպութեան շէնքին մէջ: Յառաջիկային Երեւանի մէջ ստորագրահաւաքի համար նոր կէտեր պիտի տեղակայուին, որուն մասին պիտի տեղեկացուի:

«Ստորագրահաւաքը հանրային մեր աջակցութիւն ունի: Մարդիկ ամէնուրեք մօտենում են եւ ստորագրահաւաքին միանալու ցանկութիւն յայտնում:  Այստեղ գիտակցում են, որ օրէցօր աւելացող ատրպէյճանական յանցագործութիւնների դէմ պէտք է պայքարել բոլոր հնարաւոր մեթոտներով: Մենք չենք կարող թոյլ տալ, որ միջազգային հանրութիւնը շարունակի լուռ հետեւել Արցախում 120 հազար բնակչութեան, աւելի քան 30 հազար երեխաների տառապանքներին` բաւարարուելով միայն ափսոսանք յայտնող յայտարարութիւններով ու կոչերով: Կոչ ենք անում բոլորին աշխոյժ լինել եւ միանալ ստորագրահաւաքին, որովհետեւ սա եւս մի միջոց է օրհասական այս պահին միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Պաքուի յանցաւոր քաղաքականութեան վրայ հրաւիրելու համար», կ’ըսէ «Ո՛չ Արցախի ցեղայյին զտման» շարժման մամուլի պատասխանատու Արշակ Աբրահամեանը:

Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող բոլոր մեր հայրենակիցներուն, ամբողջ հայութեան կոչ կ’ընենք միանալու ստորագրահաւաքին`  կամ ֆիզիքապէս, կամ Change.org-ով:

«Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» պահանջագրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment