Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Մամուլի Ազատութեան Ցուցակ 2023» RSF-ի Զեկոյցով ՀՀ-ն Բարելաւած Է Իր Դիրքերը

«Մամուլի Ազատութեան Ցուցակ 2023» RSF-ի Զեկոյցով ՀՀ-ն Բարելաւած Է Իր Դիրքերը

by MassisPost

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Մամուլի Ազատութեան Ցուցակ 2023»-ը: Ցուցակը, որ կը գնահատէ լրագրողներու աշխատանքային պայմանները աշխարհի 180 երկիրներու եւ տարածքներու մէջ, հրապարակուած է Մայիս 3-ին` Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրը: Անոր համաձայն իրավիճակը «չափազանց վատ է» 31 երկրի մէջ, «բարդ»` 42-ի մէջ ու «խնդրայարոյց»` 55-ի մէջ, մինչ այդ «լաւ» կամ «բաւականին լաւ» իրավիճակը կը մնայ 52 երկրի մէջ: Այլ կերպ ըսած` լրագրողներու համար իրավիճակը վատ է 10 երկրէ 7-ին մէջ, իսկ բաւարար միայն` 10-էն 3-ին մէջ:

Հայաստանը ցուցակին մէջ բարելաւած է իր դիրքերը եւ յայտնուած է 49-րդ դիրքին վրայ:  Նախորդ տարի Հայաստանը կը զբաղեցնէր 51-րդ դիրքը: Հայաստանը դասուած է «բաւականին լաւ» իրավիճակ ունեցող երկիրներու շարքին: Խօսքի ազատութեան մակարդակով Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանը, ինչպէս եւ նախորդ տարի, առաջատարն է: «Մամուլի Ազատութեան Ցուցակ»ին մէջ դրացի Վրաստանը 77-րդ, Թուրքիան` 165-րդ, Ատրպէյճանը 151-րդ, իսկ Իրանը 177-րդ դիրքին վրայ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment