Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանն Ու Պաքուն Հաստատած Են Մոսկուայի Մէջ Հանդիպելու Պատրաստակամութիւնը. Զախարովա

Երեւանն Ու Պաքուն Հաստատած Են Մոսկուայի Մէջ Հանդիպելու Պատրաստակամութիւնը. Զախարովա

by MassisPost

«Ատրպէյճանա-հայկական յայտնի բանակցութիւնները տեղի կ’ունենան այլ երկրի մասնակցութեամբ, այլ ոչ թէ Ռուսիոյ: Համապատասխանաբար, այդ բանակցութիւններու գործընթացէն անհրաժեշտ է հետաքրքրուիլ անմիջական մասնակիցներէն», յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան` պատասխանելով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու բանակցութիւններուն վերաբերեալ հարցումին:

Ռուս պաշտօնեան նշած է, որ Մոսկուան այդ բանակցութիւնները պիտի մեկնաբանէ միայն հանդիպման արդիւնքներով կողմերու յայտարարութիւններէն յետոյ:

«Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ տարածքին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպում կայացնելու հեռանկարներուն, մենք արդէն խօսած ենք այդ մասին: Երեւանն ու Պաքուն հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը այդ հանդիպումը կայացնելու Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման օրը կը յայտնենք աւելի ուշ», ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment