Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւ Վերստին Կը Սպառնայ Հայաստանին. Եթէ Երեւանը «Կառուցողական Մօտեցում» Չցուցաբերէ, Խաղաղութիւն Պիտի Չըլլայ

Ալիեւ Վերստին Կը Սպառնայ Հայաստանին. Եթէ Երեւանը «Կառուցողական Մօտեցում» Չցուցաբերէ, Խաղաղութիւն Պիտի Չըլլայ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը վերստին յայտարարած է, թէ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ներառելու որեւէ փորձ հակաարդիւնաւէտ է, նաեւ սպառնացած է, որ եթէ Հայաստանը «կառուցողական մօտեցում» չցուցաբերէ, ապա Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութիւն եւ փոխգործակցութիւն պիտի չըլլայ:

Իլհամ Ալիեւը համոզմունք յայտնած է, որ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Ատրպէյճանի առաջարկը «կը բխի ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի շահերէն»:

Ատրպէյճանի առաջնորդին խօսքով` Պաքուն խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի չորս տարբերակ ուղարկած էր եւ «աւելի քան 40 օր» սպասած է Երեւանի պատասխանին: Ան նշած է, որ հայկական կողմը ի վերջոյ իր պատասխանը ներկայացուցած է «Ուաշինկթընի հանդիպումէն մէկ շաբաթ առաջ», «քանի որ հասկցած են, որ առանց անոր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումը բացարձակապէս անօգուտ պիտի ըլլար»: Ալիեւը յաւելած է նաեւ, որ Երեւանի ներկայացուցած պատասխանին մէջ Պաքուն «կրկին ու կրկին տարածքային պահանջներ տեսած է»:

Ելոյթ ունենալով «Մեծ Եւրասիոյ աշխարհաքաղաքականութեան ձեւաւորումը. անցեալէն ներկայ եւ ապագայ» չորրորդ միջազգային համաժողովին` Ատրպէյճանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու բանակցութիւններուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ յառաջընթացի հասնիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով:

«Յոյսով եմ, որ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւնները պիտի տան եթէ ոչ արդիւնք, ապա գոնէ տեսանելի յառաջընթաց», ըսած է Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment