Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Օդային Փոխադրութեան Իշխանութիւնները Որեւէ Բացատրութիւն Չեն Տուած, Թէ Ինչու Իրենց Օդային Տարածքը Փակած Են «Flyone Armenia»-ին Համար

Թուրքիոյ Օդային Փոխադրութեան Իշխանութիւնները Որեւէ Բացատրութիւն Չեն Տուած, Թէ Ինչու Իրենց Օդային Տարածքը Փակած Են «Flyone Armenia»-ին Համար

by MassisPost

Նախօրէին հայաստանեան արձանագրութիւն ունեցող «Flyone Armenia» ընկերութիւնը տեղեկացած է, որ չի կրնար օգտագործել Թուրքիոյ օդային տարածքը տարանցիկ թռիչքներ իրականացնելու համար: Թրքական օդային փոխադրութեան իշխանութիւնները առայժմ որեւէ բացատրութիւն ընկերութեան չեն տուած պատճառներուն մասին:

«Մեր որոշակի չուերթներ դէպի Եւրոպա, որոնք տարանցւում էին Թուրքիայի օդային տարածքում, առժամանակ չեն կարող իրականացուել Թուրքիայի օդային տարածքի կիրառութեամբ: Պատճառների մասին մենք տեղեկատուութիւն չունենք: Ամէն դէպքում վստահ ենք, որ մեր կողմից, օդանաւային ընկերութեան կողմից նախապէս ստացուել էին բոլոր թոյլտուութիւնները չուերթները իրականացնելու 2023 թուականի ամառային թռիչքային շրջանում, եւ որեւէ օդային փոխադրութեան գործունէութեան հետ կապուած պատճառ մենք չենք տեսնում էդ կասեցման հետ կապուած», փոխանցեց օդանաւային ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեանը:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ եւրոպացի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ թռիչքները պիտի իրականցուին, եւ տոմսեր գնած ուղեւորները տհաճ փաստի առջեւ պիտի կանգնի, սակայն փաստացի այս պահուն հայկական արձանագրութեամբ ընկերութիւնը չի կրնար օգտագործել Թուրքիոյ օդային տարածքը:

Եւրոպա ուղեւորուելու համար զայն շրջանցել եւս հնարաւոր չէ ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով, քանի որ Ուքրանիոյ տարածքին մեծ մասը ոչ-թռիչքային գօտի յայտարարուած է. «Այդ գործիքակազմը «Flyone Armenia»-ն ունի եւ մենք դա կիրառելու ենք, որպէսզի օդային փոխադրութեան մեր դիրքերը կարողանանք պահպանենք, որպէսզի մեր ուղեւորները հասնեն իրենց նպատակակէտին»:

Անցեալ տարուընէ այս օդանաւային ընկերութիւնը կ’իրականցնէ նաեւ Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան թռիչքներ, իսկ թրքական «Փեկասուս»-ը թռիչքներ ունի Սթամպուլ-Երեւան-Սթամպուլ ուղղութեամբ: Այս թռիչքներուն ոչինչ կը սպառնայ, յամենայն դէպս, «Flyone Armenia» ընկերութիւնը թրքական կողմէ որեւէ խոչընդոտի մասին չէ տեղեկացուած:

Արդեօ՞ք թրքական արգելքը կը վերաբերի միայն «Flyone Armenia»-ին, թէ՞ այլ առհասարակ հայկական արձանագրութեամբ որեւէ ընկերութիւն չի կրնար թռչիլ Թուրքիոյ օդային տարածքով: Այս հարցին պատասխանել տակաւին յստակ չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment