Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Եւ Պլինքըն Քննարկած Են Տարածաշրջանին Մէջ Կայունութեան Ու Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր

Միրզոյեան Եւ Պլինքըն Քննարկած Են Տարածաշրջանին Մէջ Կայունութեան Ու Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը:

Միրզոյեան ու Պլինքըն քննարկած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող հարցեր, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:

Անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին:

Միացեալ Նահանգներու մէջ նախատեսուած է նաեւ Միրզոյեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment