Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ֆրանչիսկոս Պապը Գրիգոր Նարեկացին Անուանած Է Համընդհանուր Համերաշխութեան Թարգման

Ֆրանչիսկոս Պապը Գրիգոր Նարեկացին Անուանած Է Համընդհանուր Համերաշխութեան Թարգման

by MassisPost

Ապրիլ 26-ին, Վատիկանի Ս․ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած աւանդական գլխաւոր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը մասնաւորապէս անդրադարձած է Գրիգոր Նարեկացիին` զայնն անուանելով համընդհանուր համերաշխութեան թարգման:

Խօսելով «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթքներու ժողովածուին մասին Ֆրանչիսկոս Պապը ըսած է, որ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հայ վանական էր, որ մեզի թողեց աղօթքի գիրք, որուն մէջ ձուլուեցաւ հայ ազգին` քրիստոնէութիւնը ողջագուրող առաջին ժողովուրդին հաւատքը․․․»: «Գրիգոր Նարեկացին համաշխարհային, համընդհանուր սիրոյ` որուն կոչուած են բոլոր քրիստոնեաները, փայլուն օրինակ է»: Նորին Սրբութիւնը նաեւ նշած է, որ հայ վանականը իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Նարեկի վանքին մէջ, ուր ան «սորվեցաւ ուշադրութեամբ զննել մարդկային հոգիին խորքը եւ, աղօթքն ու բանաստեղծութիւնը միաձուլելով, նշանաւորեց թէ՛ հայ գրականութեան եւ թէ՛ հայ հոգեւոր ժառանգութեան գագաթնակէտը»:

Հայ սուրբին մասին Հռոմի Պապին խօսքը արտացոլուած է «Վատիկան Նիւզ»-ի գրեթէ չորս տասնեակ լեզուներով, այդ շարքին արեւմտահայերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, փորթուկալերէնով, ռուսերէնով:

Ինչպէս յայտնի է, 2015թ․ Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի ընթացքին Հռոմի քահանայապետը հայ միջնադարեան հոգեւորական-աստուածաբանը հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ, իսկ 2021թ․ Փետրուար 2-ին Ֆրանչիսկոս Պապի հրամանագրով Հռոմէական գլխաւոր օրացոյցին մէջ Փետրուար 27-ը ներառուեցաւ որպէս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի օր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment