Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Միջոցառումները Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Միջոցառումները Լոս Անճելըսի Մէջ

by MassisPost

Տարբեր միջոցառումներով նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108 ամեակը` Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ:

Այցելութիւն Մոնթեպելլոյի Յուշարձան

Ապրիլի 23-ի առաւօտեան Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանի այցելեցին հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ` ծաղկէպսակներ զետեղելու համար Յուշարցանին մօտ:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնը այցելեց Մոնթեպելլօ եւ ծաղկէպսակով մը խոնարհեցաւ Հայ նահատակներու յուշարձանին առջեւ:

Հսկում Փասատինայի Մէջ

Կիրակի, Ապիրլի 23-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Փասատինայի քաղաքային զբօսայգիին մէջ, տեղի ունեցաւ սրբադասուած հայ նահատակներուն նուիրուած գիշերային հսկում եւ մոմավառութիւն` նահատակաց յուշարձանին առջեւ, կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ ընկերային դիւանին:

Ժողովրդային սոյն հաւաքի ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Վարիչ Մարմնի ու Կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք տխուր մեղեդիներու հնչիւններու ներքեւ, ծաղկեփունջեր եւ մեխակներ զետեղեցին յուշարձանին շուրջ:

Գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: Կազմակերպիչ Մարմնի` ՍԴՀԿ ընկերային յանձնախումբին անունով` հանդիսավար Ալին Պողարեանի, որ իր ելոյթին մէջ շեշտեց պահանջատէր հայ ժողովուրդի դէմ գործուած 20րդ դարու մեծագոյն ոճիրին ահաւորութեան ու անդրադարձին վրայ: Սրբադասուած նահատակներու յատուկ շարականի երգեցողութիւնը կատարեցին  սարկաւագներ` Յակոբ Կակոսեանը եւ Յակոբ Աճէմեանը:

Այս առթիւ ելոյթ ունեցաւ Գալիֆորնիա գտնուող Ս. Էջմիածնի միաբաններէն` հոգեշնորհ Տ. Երեմիա վրդ. Աբգարեան: Ան բուռն կերպով դատապարտեց մեր ազգի հաւատաւոր զաւակներուն դէմ գործուած ահաւոր եեղեռնագործութիւնը, որուն զոհերն այսօր կը հանգչին երկնային օթեւաններու մէջ: Տէր Երեմիա զուգահեռ մը ըրաւ եւ Արցախի հայութեան դիմակալած օրհասական իրավիճակին, որ դարձած է այս օրերու գլխաւոր հարցը, մաղթելով որ խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը տիրապետող դառնայ շրջանին մէջ, համահայկական միասնութեան ներքեւ:

Արթուր Մեսճեանի «Ուր էիր Աստուածը» երգախառն ասմունքով ու ապրումով կատարեց Լենա Մանուկեան: Խորհրդաւոր յուզականութիւն մը ունէր նաեւ հայկական տուտուկի մելամաղձոտ մենանուագի կատարումը` Մամիկոն Յարութիւնեանի կողմէ:

Երիտասարդ Սերունդի Ներկայացուցիչ Արթիւր Կայծակեան հանդէս եկաւ Անգլերէն լեզուով իր գրած ու հայութեան նուիրուած բանաստեղծութեամբ:

Իրիկնային հսկում-հաւաքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով:

Պատարագ  Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն Ներս

Կիրակի, Ապրիլի 23ին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն հայ սրբացած նահատակներու յիշատակին յատուկ արարողութիւն, նախագահութեամբ օրուան պատարագիչ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի: Ան յաւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ ներկաներուն փոխանցեց նահատակներուն նուիրական պատգամը:

Համահայկական Ոգեկոչում Կլէնտէլի Մէջ

Ապրիլիի 24ևին, Երկուշաբթի, համահայկական ոգեկոչման Մարմնի նախաձեռնութեամբ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն, Կլենտէյլի Քաղաքապետարանի շրջաբակին մէջ: ՀԲԸՄևի եւ ՀՄԸՄ.-ի սկաուտներու կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութենէն եւ ԱՄՆ-ի ու Հայաստանի պետական հիմներու ունկնդրութենէն ետք, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար ընկ. Միհրան Խաչատուրեան: Ան` Համահայկական Ոգեկոչման Մարմնի անունով, պարզեց ժողովրդային հաւաքի նպատակը որ է կառչած մնալ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն եւ առաջքն առնել նոր ցեղասպանութիւններու, որոնք առկայ են ներկայ ժամանակներուն:

Յաջորդաբար խօսք առին եւ Արցախի ազատատենչ ժողովուրդի ու հայութեան արդար դատին ի նպաստ, զօրակցական կուռ ելոյթներով հանդէս եկան գոնկրեսական Ատամ Շիֆ, Գալիֆորնիոյ Խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտըն, նահանգային տեսուչ Թոնի Թիւրմոնտ, Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու Լինտսի Հօվարտ, Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու Լինտա Սոլիս, Լոս Անճելըս քաղաքաի քաղաքապետական Խորհուրդի նախագահ Փոլ Գրիգորեան, խորհրդական Նիթի Ռամանօ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Տան Պրօթման, Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ Էլէն Ասատրեան, Արտաշէս (Արտի) Քասախեան եւ ուրիշներ, որոնք զօրավիգ կանգնեցան ատրպէյճանական սադրանքներուն դէմ պայքարող հայ ժողովուրդին, միաժամանակ շեշտելով ազգային միասնութեան ամրապնդումն ու միջազգային կառոյցներու, գործնական աջակցութեան կարեւորութիւնը:

Հայկական Ցեղասպանութեան Յանձնախումբի խօսքը ներկայացուց Անթուան Պեզճեան, ապա, ելոյթ ունեցաւ  Ճշմարտութիւն եւ Արդարութիւն Կեդրոնի ղեկավարներէն Միլենիա Մալեան:

Ասմունք կատարեց Փաստինայի Պլեր Ակադեմայի ուսանողուհի Էլեն Վարդանեան:

Հայկական Ցեղասպանութեան Յանձնախումբի երիտասարդներուն անունով ելոյթներ ունեցան` Անգլերէնով Անի Ղազարեան եւ Հայերէնով Նանոր Պետրոսեան:

Վերջին բաժնով երգերով հանդէս եկան Մակի Մարկարիթա Խլղաթեան եւ Պաղտամ Հայութեան:

Ներկաները հաւաքավայրեն բաժնուեցան վերանորոգուած հաւատամքով եւ գործնական  քայլերու ակնկալութեամբ:

Միջոցառում «Ալեքս» Հանդիսասրահէն Ներս

Երկուշաբթի, Ապրիլի 24-ին, 2023, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի Ալեքս Թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ 22-րդ տարեկան միջոցառումը, նուիրուած հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին:

Աւելի քան հազար հոգի ներկայ էր սոյն միջոցառումին, որուն հանդիավարն էր տասնամեակէ մը աւելի Fox 11 հեռուստակայանի անուանի խօսնակ Արաքսիա Կարապետեան: Ան Կազմակերպիչ Մարմնի անունով, ողջունեց ներկայ բազմութիւնը, որ եկած էր յարգելու իր 1.5 միլիոն սրբացած նահատակներու անմեռ յիշատակը ժողովուրդի մը որուն միակ ցանկութիւնը եղած է ապրիլ խաղաղ ու անկաշկանդ իր պապենական սրբազան հողին վրայ:

Կլենտէյլի քաղաքապետ Տան Պրօման ողջունելէ ետք ներկայ հասարակութիւնը, իր զօրակցութիւնն ու անվերապահ նեցուկը յայտնեց հայ ժողովուրդի արդար դատին:

Տեսակապի միջոցով ելոյթներով հանդէս եկան գոնկրէսական Ատան Շիֆ, նահանգային ծերակուտական Անթօնիօ Փորթանթինօ, դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ արարքները եւ պահանջեց պատժամիջոցներ սահմանել ռազմամոլներուն ու արդար հատուցում տալ հայ ժողովուրդին:

Գալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանի անդամ  Լորա Ֆրիտման: Ան իր ելոյթին մէջ ահազանգ հնչեցուց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնենրուն դէմ ու բուռն կերպով դատապարտեց անոնց ոճրային արարքները: Նոյնանման ելոյթներ ունեցան նաեւ Գալիֆորիոնյ նահանգային Խորհրդարանի դեմոկրատ անդամ Ունտի Գարիյյօն:

Իսկ Գալիֆորնիոյ գաւառի վերակացու Քաթրին Պորճըր, իր նախորդներուն նման, ինք եւս ազատատենչ հայ ժողովուրդի բարեմասնութիւնենրուն մասին խօսելով, պատգամ ուղղեց միասնական ճիգերով բոլորուիլ հայրենասիրական իղձերու իրականացման համար:

Յայտագրի երկրորդ մասը` կենդանի հաղորդումով եւ տեսակապով Ցեղասպանութեան հետ առնչուող 14 ամեայ Օրօրայի խիստ հետարքրական կեանքին շուրջ հարցազրոյց մըն էր: Օրօրան` 14 տարեկանին, որբացած եւ ԱՄՆ հաստատուած աղջնակ մըն էր եւ ամուսնացած 16 տարեկանին: Այնուհետեւ իր հետաքրքարական ընտանեկան եւ ընկերային կեանքին համար ուշադրութեան առարկայ դարձած, շահեկան հարցազրոյց մը Ցեղասպանութիւնէն վերապրածի ծորը, դերասան, բեմադրիչ եւ հեղինակ (կիսով գերմանացի) Ճօն ՄանկաՆիէլլոյի հետ ձեռնհասօրէն  վարեց Արաքսիա Կարապետեանը:

Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ այլ միջոցառումներ եւս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment