Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փեսքով․ «Եռակողմ Յայտարարութիւններուն Կատարումը Այլընտրանք Չունի»

Փեսքով․ «Եռակողմ Յայտարարութիւններուն Կատարումը Այլընտրանք Չունի»

by MassisPost

«Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները [ղարաբաղեան խնդիրի եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու] կարգաւորման միակ իրական եւ իրատեսական հիմքն են», լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:

«Կը կարծենք, որ այդ բոլոր պայմանաւորուածութիւններուն կեանքի կոչումը այլընտրանք չունի եւ անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն», ըսած է Քրեմլինի խօսնակը:

Մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախօրէին հնչեցուցած յայտարարութիւնները` Փեսքով ընդգծած է. «Մենք պատրաստ ենք ողջունելու կողմերուն որեւէ քայլը, որ ի վիճակի է նպաստելու լարուածութեան թուլացման ու ռուս-հայ-ատրպէյճանական եռակողմ համաձայնագրերու կատարման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment