Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւ Կը Պնդէ, Որ Դրօշի Միջադէպին Ետին Կանգնած Են Հայաստանի Իշխանութիւնները

Ալիեւ Կը Պնդէ, Որ Դրօշի Միջադէպին Ետին Կանգնած Են Հայաստանի Իշխանութիւնները

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պնդմամբ` Երեւանի մէջ Ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան բացման արարողութեան ընթացքին իր երկրի դրօշի այրման ետին կանգնած են Հայաստանի իշխանութիւնները:

«Ես կը կարծեմ, որ Երեւանի մէջ ընթացող Ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին Ատրպէյճանի դրօշի այրումը Հայաստանի իշխանութեան հերթական կեղտոտ արարքն է: Ես այդ կ’ընդունիմ այդպէս: Սա պատահականութիւն չէ եւ մէկ մարդու գործ չէ: Սա Հայաստանի իշխանութեան հերթական կեղտոտ գործողութիւնն է: Շատ պատճառներ կան այդ ըսելու համար», յայտնած է Ալիեւ պետական «AzTV» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին:

Անոր խօսքով` եթէ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան աչքին առջեւ նման իրադարձութիւն տեղի կ’ունենայ, եւ անոնց կողմէ արձագանգ չկայ, ապա «արարքին հեղինակը իշխանութիւնն է եւ ինքը` պետութիւնը»:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 14-ին Երեւանի մէջ Ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան բացման արարողութեան ժամանակ տղամարդ մը այրեց Ատրպէյճանի դրօշը, ինչին հետեւանքով այդ երկրին հաւաքականը լքեց ախոյեանութիւնը: Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարարութիւնը մարզական բարոյականութեան տեսանկիւնէն մտահոգիչ որակեց Պաքուի որոշումը` ընդգծելով, որ «միջադէպը, որ շատ արագ հարթուած է, որեւէ առնչութիւն չունի մարզիկներու անվտանգութեան եւ անոնց բնականոն մրցելոյթներու ապահովման հետ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment