Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «The New York Times»․ Ռուսիան Կը Շրջանցէ Պատժամիջոցները Հայաստանի Եւ Ղազախստանի Օգնութեամբ

«The New York Times»․ Ռուսիան Կը Շրջանցէ Պատժամիջոցները Հայաստանի Եւ Ղազախստանի Օգնութեամբ

by MassisPost

«Ուքրանիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմէն յետոյ Ռուսիան սկսած է շարք մը ռազմական նշանակութեան ապրանքատեսակներ ներմուծել Հայաստանի եւ Ղազախստանի օգնութեամբ` շրջանցելով պատժամիջոցները», վերջերս հրապարակուած յօդուածի մէջ կը պնդէ ամերիկեան «The New York Times» պարբերականը:

Թերթը կը վկայակոչէ ԱՄՆ Հարկային Ծառայութիւններու եւ Առեւտուրի Նախարարութեան աշխատակիցներուն մասնակցութեամբ Մարտ 24-ին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ ներկայացուած նիւթերը: Անոնց համաձայն` 2022 թուականին, նախորդ տարուան համեմատ, Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան չիփերու եւ փրոցեսներու ներկրումը աճած է 515 տոկոսով: Նոյն ապրանքատեսակներու ներկրումը ԵՄ պետութիւններէն Հայաստան 2022 թուականին աճած է 212 տոկոսով:

«Ներկրուած արտադրանքին 97 տոկոսը հետագային վերաարտահանուած է Ռուսիա», կը պնդէ «The New York Times»-ը:

Թերթին պնդմամբ` ներկրուած սարքաւորումները կարեւոր նշանակութիւն ունին Ռուսիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան` մասնաւորաբար հրթիռներու արտադրութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment