Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպած Է Հնդկաստանի Դեսպանին

Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպած Է Հնդկաստանի Դեսպանին

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան  ընդունած է Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահայ Սինհային: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Սուրէն Պապիկեան բարձր գնահատած է Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան ներկայ մակարդակը` նշելով, որ երկկողմ համագործակցութիւնը թեւակոխած է զարգացման նոր փուլ: Դեսպանը յայտնած է հնդկական կողմին` համագործակցութեան զարգացման պատրաստակամութիւնը: Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment