Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 33 Հայ Քաղաքացի Դեռ Ատրպէյճանական Գերութեան Մէջ Են

33 Հայ Քաղաքացի Դեռ Ատրպէյճանական Գերութեան Մէջ Են

by MassisPost

Ի հեճուկս 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտին` Ատրպէյճանը մինչեւ օրս կը շարունակէ 33 գերեվարուած հայ քաղաքացի պահել անազատութեան մէջ: Այդ մասին ըսուած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագրի 2022 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու վերաբերեալ զեկոյցին մէջ:

2022-ի ընթացքին, ըստ կառավարութեան, յաջողած է ապահովել 31 գերեվարուած հայ քաղաքացիի վերադարձը:

Հայաստանի վարչապետը, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին համատեղ յայտարարութիւն ստորագրեցին: Յայտարարութեան 8-րդ կէտին մէջ կը նշուի, որ «կը կատարուի ռազմագերիներու եւ այլ ձերբակալուած աներու եւ զոհուածներու դիակներու փոխանակում», սակայն մինչ օրս Ատրպէյճանը չէ վերադարձուցած բոլոր գերիները: Ատրպէյճանական բանտերուն մէջ, պահուող հայ գերիներուն մեծ մասն արդէն դատապարտուած է տարբեր մեղադրանքներով` սահմանը ապօրինի հատելէն մինչեւ ահաբեկչութիւն: Պաքուն բազմիցս յայտարարած է, որ վերադարձուցած է բոլոր գերիները` ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքացիները անուանելով «ահաբեկիչներ»:

Նոր հրապարակուած զեկոյցին մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը կը նշէ, որ Երեւանը բոլոր միջազգային ատեաններուն, այդ շարքին` Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին մէջ, կը հետապնդէ գերեվարուած քաղաքացիներուն եւ անոնց վերադարձին խնդիրը:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններում կարեւոր է մնում նաեւ անհետ կորած անձանց հարցը: Հայկական կողմից 975 քաղաքացու գտնուելու վայրն անյայտ է համարւում, որոնցից 777-ը` Ղարաբաղեան առաջին պատերազմի, 196-ը` 44-օրեայ պատերազմի, 2-ը` սեպտեմբերեան ներխուժման հետեւանքով», ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Ըստ Երեւանի` 2022-ին Հայաստանը Ատրպէյճանին վերադարձուցած է ենթադրաբար անհետ կորսուած համարուող ատրպէյճանցիներու 35 ոսկոր եւ մարմիններու գտնուելու հնարաւոր վայրերու երեք քարտէզ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment