Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Սահմանը Ապօրինի Հատած Ատրպէյճանցի Զինուորներուն Նկատմամբ Յարուցուած Է Հանրային Քրէական Հետապնդում. Անոնք Կալանաւորուած Են

Հայաստանի Սահմանը Ապօրինի Հատած Ատրպէյճանցի Զինուորներուն Նկատմամբ Յարուցուած Է Հանրային Քրէական Հետապնդում. Անոնք Կալանաւորուած Են

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան մէջ նախաձեռնուած քրէական վարոյթով հսկող դատախազին կողմէ բաւարարուած է վարոյթը իրականացնող քննիչին միջնորդութիւնը. 2023 թուականի Ապրիլ 11-ին որոշում կայացուած է Ատրպէյճանի քաղաքացի Ակշին Կապիլի Պապիրովի նկատմամբ խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ ՀՀ պետական սահմանը ապօրինի հատելու եւ խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ, մաքսային հսկողութենէն թաքցնելով, ՀՀ պետական սահմանով հրազէն եւ ռազմամթերք ապօրինի տեղափոխելու հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար յարուցել հանրային քրէական հետապնդում` ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 469-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով եւ 340-րդ յօդուածի 2-րդ մասի առաջին կէտով: Նոյն օրը վարոյթը իրականացնող մարմինին կողմէ Ակշին Պապիրովին ներկայացուած է մեղադրանք: Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանին որոշմամբ` մեղադրեալին նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է ընտրուած է կալանաւորումը:

2023 թուականի Ապրիլ 14-ին հսկող դատախազին կողմէ բաւարարուած է վարոյթը իրականացնող քննիչին միջնորդութիւնը. որոշում կայացուած է Ատրպէյճանի քաղաքացի Հուսէյն Ահլիմանի Ախունտովի նկատմամբ խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ ՀՀ պետական սահմանը ապօրինի հատելու, խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ, մաքսային հսկողութենէն թաքցնելով, ՀՀ պետական սահմանով հրազէն եւ ռազմամթերք ապօրինի տեղափոխելու եւ խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի հրազէն պահելու եւ փոխադրելու հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար յարուցել հանրային քրէական հետապնդում` ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 469-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով, 340-րդ յօդուածի 2-րդ մասի առաջին կէտով եւ 335-րդ յօդուածի 2-րդ մասով: Նոյն օրը վարոյթը իրականացնող մարմինին կողմէ Հուսէյն Ախունտովին ներկայացուած է մեղադրանք: Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի որոշմամբ մեղադրեալին նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Դատախազութիւնը նշուած հարցին առնչութեամբ պարբերաբար հանդէս պիտի գայ հաղորդագրութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment