Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ Շարք Մը Անդամ Երկիրներու Անորոշ Դիրքորոշումներու Բերումով ՀԱՊԿ Պատասխանատուութեան Գօտին Ճշգրտելու Անհրաժեշտութիւն Յառաջացած Է

ՀԱՊԿ Շարք Մը Անդամ Երկիրներու Անորոշ Դիրքորոշումներու Բերումով ՀԱՊԿ Պատասխանատուութեան Գօտին Ճշգրտելու Անհրաժեշտութիւն Յառաջացած Է

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը իր ծրագրի կատարման վերաբերեալ 2022-ի զեկոյցին մէջ անդրադարձած է 2022 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի ներխուժման` ներկայացնելով միջազգային հանրութեան արձագանգը իրադարձութիւններուն:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 2022 թուականի Սեպտեմբեր 13-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը լայնածաւալ յարձակում սկսած են ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ` մեծ տրամաչափի զինատեսակներու, հրետանիի, հրթիռային համակարգերու, անօդաչու թռչող սարքերու կիրառմամբ: Յարձակման հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է 225 զոհ, այդ շարքին` զոհուած է քաղաքացիական 3 անձ, վիրաւորուած է 293 զինուոր եւ քաղաքացիական 7 անձ, գերեվարուած է 20 զինուոր: Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ թիրախաւորուած են Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի մարզերու 36 բնակավայր, այդ շարքին` Գորիս, Սիսիան, Կապան, Ջերմուկ, Վարդենիս, Տեղ, Գեղամասար համայնքները, ինչի հետեւանքով մասնակի կամ ամբողջական աւերուած են 192 տուն, 3 պանդիկ, 2 դպրոց, 1 բժշկական հաստատութիւն, 1 հանդիսութիւններու սրահ, 4 գոմ: Վնասուած են 7 ելեկտրական ենթակառուցուածք, 5 ջրային ենթակառուցուածք, 3 կազամուղ, 1 կամուրջ, 2 ճանապարհ, 1 փողոց:

«Թիրախաւորուել են 2 շտապօգնութեան ինքնաշարժ, 4 անձնական օգտագործման ինքնաշարժ: Ատրպէյճանի զինուած ուժերը մի քանի ուղղութիւններով մխրճուած են ՀՀ ինքնիշխան տարածք: 2021 եւ 2022 թուականների ընթացքում Հայաստանի դէմ իրականացրած յարձխակումների հետեւանքով Ատրպէյճանը բռնագրաւել է ՀՀ ինքնիշխան տարածքի աւելի քան 150 քառակուսի քիլոմեթր հատուած: ՀՀ ինքնիշխան տարածքի եւս 75 քառակուսի քիլոմեթր հատուած ատրպէյճանական բռնագրաւման ներքոյ է 1990-ականներից», ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Կը նշուի, որ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ 2022 թուականի Սեպտեմբեր 13-ի ատրպէյճանական ներխուժման առնչութեամբ ՀՀ-ն պաշտօնապէս դիմած է Ռուսիոյ` Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի դրոյթները գործողութեան մէջ դնելու, Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)` ՀՀ անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ապահովման նպատակով «Հաւաքական անվտանգութեան մասին» պայմանագրի 4-րդ յօդուածին համաձայն ՀՀ-ին համապատասխան աջակցութիւն (այդ շարքին՝ ռազմական) տրամադրելու եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին` յատուկ նիստով ՀՀ-ի հանդէպ իրականացուած ներխուժման վերաբերեալ քննարկումներ կայացնելու նպատակով: Յարձակման առնչութեամբ 2022 թուականի Սեպտեմբեր 13-ին տեսաժողովի ձեւաչափով տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի արտահերթ նիստ, որուն որոշմամբ Սեպտեմբեր 15-ին վերահսկողական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով ՀՀ ժամանած է ՀԱՊԿ Միացեալ շտաբի խումբը: 2022 թուականի Նոյեմբեր 23-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին հայկական կողմը ընդգծած է, որ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակումներու առնչութեամբ ՀԱՊԿ-էն համարժէք արձագանգ չէ ստացուած: Հայկական կողմը արձանագրած է, որ նիստի ընթացքին ստորագրման ներկայացուած «ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի հռչակագրի» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու համատեղ միջոցառումներու մասին» նախագիծերը չեն պարունակեր ՀՀ-ի դէմ յարձակման վերաբերեալ քաղաքական յստակ գնահատական եւ յարձակման հետեւանքները վերացնելու, ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու գործողութիւններու ծրագիր: Բացի անկէ, ՀԱՊԿ շարք մը անդամ երկիրներու կողմէ արտայայտուած անորոշ դիրքորոշումներուն բերումով ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտին ճշգրտելու անհրաժեշտութիւն յառաջացած է: Առանց նշուած հարցերու ճշգրտման` ՀՀ-ն նպատակայարմար չէ համարած յիշատակուած փաստաթուղթերու ստորագրումը, ինչի պատճառով որոշումները չեն ընդունուած:

Զեկոյցին մէջ կ’արձանագրուի, որ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման առնչութեամբ, ՀՀ-ի դիմումին հիման վրայ, Սեպտեմբեր 15-ին Ֆրանսայի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի արտահերթ հանդիպում: Հանդիպման ընթացքին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամ պետութիւնները արձանագրած են ուժի կիրառման անթոյլատրելիութիւնը, կարեւորած են միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններու պահպանումը` շեշտելով նաեւ ՀՀ տարածքին քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման փաստը:

2022 թուականի Հոկտեմբեր 21-27 ՀՀ ժամանած է ԵԱՀԿ կարիքներու գնահատման խումբը` Սեպտեմբեր 13-ին սկսած ատրպէյճանական ներխուժման հետեւանքով Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու սահմանային հատուածներու եւ բնակավայրերու մէջ ստեղծուած իրավիճակին ծանօթանալու համար: 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի քառակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան շնորհիւ Հոկտեմբեր 17-ին Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը ընդունած է որոշում` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի երկայնքով ԵՄ դիտորդ-փորձագէտներ տեղակայելու մասին: Առաքելութեան մանտաթը կը ներառէր իրավիճակի դիտորդութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանի երկայնքով` երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան կառուցման աջակցելու եւ սահմանային յանձնաժողովներուն ԵՄ առաւել առարկայական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով: ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը 2022 թուականի Դեկտեմբեր 19-ին աւարտած է իր մանտաթը: ԵՄ Խորհուրդը 2023 թուականի Յունուար 23-ին համաձայնութիւն տուած է ՀՀ տարածքին երկու տարի ժամկէտով քաղաքացիական նոր առաքելութիւն (EUMA) ստեղծելու առաջարկին: 2023 թուականի Փետրուար 20-ին առաքելութիւնը սկսած է իր աշխատանքը ՀՀ-ի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment