Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սամարղանտի Մէջ Հանդիպած Են Արարատ Միրզոյեանը Եւ Սերկէյ Լաւրովը

Սամարղանտի Մէջ Հանդիպած Են Արարատ Միրզոյեանը Եւ Սերկէյ Լաւրովը

by MassisPost

Սամարղանտի մէջ, ԱՊՀ արտաքին գործերու Նախարարներու Խորհուրդի նիստի շրջանակներուն մէջ, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը:

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան, նախարարները քննարկած են երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր: Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում տարածաշրջանային թեմաներու շուրջ:

Կողմերը կարեւորած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020-2022 թուականներու եռակողմ համաձայնութիւններով նախատեսուած հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացի բոլոր ուղղութիւններով ջանքերը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն դիւանագիտական շփումները շարունակելու վերաբերեալ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի փոխարէն Սամարղանտի հանդիպման կը մասնակցի անոր տեղակալ Խալաֆ Խալաֆովը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment