Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ ՄԽ ԱՄՆ Համանախագահը, Ներկայացուցած Է Ապրիլ 11-ի Դէպքերը

Արմէն Գրիգորեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ ՄԽ ԱՄՆ Համանախագահը, Ներկայացուցած Է Ապրիլ 11-ի Դէպքերը

by MassisPost

Տեղ համայնքի մօտակայքին Ապրիլ 11-ի իրադարձութիւնները ներկայացուցած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը` ընդունելով ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն:

Գրիգորեանը Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սադրանք որակած է տեղի ունեցածը` ընդգծելով, որ նման քայլերու միակ նպատակը հայ-ատրպէյճանական խաղաղ բանակցութիւններուն ուղղուած ջանքերը ի չիք դարձնելն է:

Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, Պոնօն շեշտած է կառուցողական քայլերու իրականացման եւ խաղաղութեան գործընթացին հաւատարիմ մնալու անհրաժեշտութիւնը` հետագայ մագլցումներէ խուսափելու համար:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը վերահաստատած է հայկական կողմին յանձնառութիւնը բանակցային գործընթացին` ներկայացնելով առկայ խնդիրներու կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանի մօտեցումները:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան հաղորդագրութեան համաձայն` Լու Պոնօն տարածաշրջան կ’այցելէ Ապրիլ 13-22: Հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացին օգնելու նպատակով ան կը նախատեսէ հանդիպումներ ունենալ «հիմնական շահագրգիռ կողմերուն հետ»:

«Պետական քարտուղար Պլինքընի, ՀՀ վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի շրջանակին մէջ Փետրուար 18-ին կայացած հանդիպումէն, Մարտին պետական քարտուղարին ու երկու երկրի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսային խօսակցութիւններէն եւ անցեալ ամիս Պրն. Պոնոյի տարածաշրջան կատարած այցէն յետոյ այս խօսակցութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ Պրն. Պոնոյի համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Խաղաղութեան գործընթացին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արդիւնաւէտ ներգրաւուածութեան վերջին ջանքերը յուսադրող են մեզի համար, եւ Պրն. Պոնօն յոյսով է, որ այդ պահը օգտագործելով հնարաւոր պիտի ըլլայ կառուցել հետագայ քայլերը: Պրն. Պոնօն պիտի ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է խթանելու խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագային միտուած ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ», կը հաղորդէ ԱՄՆ դեսպանատունը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment