Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպառազինութեան Նոր Նմոյշներու Ձեռք Բերման Համար Հայաստանը 2022-ին Ընդլայնած Է Համագործակցութեան Շրջանակը

Սպառազինութեան Նոր Նմոյշներու Ձեռք Բերման Համար Հայաստանը 2022-ին Ընդլայնած Է Համագործակցութեան Շրջանակը

by MassisPost

Հայաստանը նախորդ տարի սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու արդիականացման եւ նոր նմոյշներու ձեռք բերման գործընթացներու իրագործման համար ընդլայնած է ռազմատեխնիկական համագործակցութեան շրջանակը,  կնքուած են 3 տասնեակէ աւելի պայմանագրեր:

Այս մասին կ’ըսուի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագրի (2021-2026 թթ.) 2022 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին» զեկոյցին մէջ:

 

Կը նշուի, որ բանակի բարեփոխումներուն ուղղութեամբ կ’իրականացուին լայնածաւալ աշխատանքներ: Մասնաւորապէս 2022 թուականին ընթացած են ՀՀ Զինուած Ուժերու, Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի ստորաբաժանումներու կազմկառուցուածքային փոփոխութիւնները, պայմանագրային զինուորներուն համար սահմանուած է լրավճար` անոր հաշուարկման համար նախատեսելով քննութեան գործընթաց, որու արդիւնքով կը նախատեսուի զինուորներու աշխատավարձերու կրկնապատկում, սահմանուած է պարտադիր զինուորական ծառայութենէն պայմանագրային զինուորական ծառայութեան փոխադրման նոր կարգ` «պաշտպան հայրենեաց» ծրագրի իրականացման միջոցով:

Բացի անկէ, ռազմաուսումնական հաստատութիւն աւարտած եւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան համակարգին կամ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ զօրքերուն մէջ սպայական պաշտօնի նշանակուած սպայական կազմի զինուորներու համար սահմանուած է անհատոյց օգտագործման, իսկ հետագային` նաեւ անհատոյց սեփականութեան իրաւունքով բնակարան ստանալու իրաւունք,  ընդլայնուած է վարժական հաւաքներու կայացման շրջանակը, բարեփոխուած է վարժական հաւաքներու կառուցուածքը, շարունակուած են «IP» կապի համակարգի ներդրման աշխատանքները:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի նաեւ, որ սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու արդիականացման եւ նոր նմոյշներու ձեռքբերման գործընթացներու իրագործման համար ընդլայնուած է ռազմատեխնիկական համագործակցութեան շրջանակը եւ կնքուած են 3 տասնեակէ աւելի պայմանագրեր:

ՀՀ պետական սահմանի հայ-ատրպէյճանական սահմանի տեղամասի պահպանութեան պատշաճ կազմակերպման համար ձեռք բերուած են անհրաժեշտ համակարգեր, ճարտարապետական, շինարարական, ուսումնական եւ այլ միջոցներ:

ՀՀ Զինուած Ուժերու օդագնացութիւնը համալրուած է ժամանակակից բազմագործօն նոր ուղղաթիռներով, շարունակուած է տեսադիտարկման համակարգերու տեղադրումը` զանոնք համակցելով ընդհանուր ցանցին եւ հասցնելով ՀՀ Զինուած Ուժերու գործնական կառավարման կեդրոն:

Տեղի ունեցած է ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ բարեկարգուած` ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան խաղաղապահ գումարտակի հիմնական ուսումնական ստորաբաժանման «Զառ» ուսումնական կեդրոնի բացման արարողութիւնը,  գործողութեան դրուած է Հայրենիքի պաշտպանի ազգային-գաղափարական դաստիարակութեան միջոցառումներու ծրագիրը, հիփոթեքային վարկաւորման ծրագրին մէջ ընդգրկուելու համար դիմում-յայտ ներկայացուցած եւ ծրագրի մասնակիցներու ցանկին մէջ արձանագրուած բոլոր զինուորները ընդգրկուած են հիփոթեքային վարկաւորման նպատակային ծրագրին մէջ:

Մինչեւ 2022 թուականի Յուլիս 1 ռազմաուսումնական հաստատութիւններ ընդունուած եւ աւարտած (աւարտող) եւ սպայական պաշտօնի նշանակուած սպայական կազմի զինուորներուն համար սահմանուած է աւարտելէն յետոյ 5 տարի ժամկէտով հիփոթեքային վարկաւորման ծրագրին մէջ առաջնահերթութեամբ ընդգրկուելու իրաւունք (այս ծրագրին միջոցով 2022 թուականի Դեկտեմբերի դրութեամբ բնակարան կամ բնակելի տուն ձեռք բերած է 917 զինուոր):

Կը նշուի նաեւ, որ իրականացուած են դիրքերու եւ զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրերու կահաւորման եւ անձնակազմի կենցաղային պայմաններու բարելաւման աշխատանքներ, տարբեր համայնքներուն մէջ կատարուած են Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումներու մշտական տեղակայման վայրերու կառուցապատման աշխատանքներ: Մշակուած են բանակին մէջ կանանց ներգրաւման ընդլայնման ծրագիրներ, որոնք օրէնքի նախագիծերու տեսքով յառաջիկային պիտի ներկայացուին ՀՀ Ազգային Ժողովի քննարկման:

Զեկոյցին մէջ կ’ընդգծուի, որ բանակի բարեփոխման շրջանակներուն մէջ կ’իրականացուին այլ բարեփոխումներ եւս, կ’իրականացուին շինարարատեխնիկական աշխատանքներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment