Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղուած Հայկական Կողմին Ջանքերը Կը Բախին Պաքուի Ռազմական Ոտնձգութիւններուն. Միրզոյեան

Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղուած Հայկական Կողմին Ջանքերը Կը Բախին Պաքուի Ռազմական Ոտնձգութիւններուն. Միրզոյեան

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակի կայունացման ու երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած հայկական կողմին ջանքերը կը բախին պաշտօնական Պաքուի չդադրող յարձակողական հռետորաբանութեան եւ շարունակական ռազմական ոտնձգութիւններուն, յայտնած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու արտաքին գործերու Նախարարներու Խորհուրդի նիստին:

Որպէս անոնց հերթական դրսեւորումներէն մէկը Արարատ Միրզոյեանը նշած է Ապրիլ 11-ին ՀՀ տարածքին` Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի հատուածին մէջ իրականացուած սադրանքը, ըսուած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Շեշտուած է, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը հակասեն Փրակի եւ Սոչիի հանդիպումներու արդիւնքներով ընդունուած յայտարարութիւններուն:

«Ատրպէյճանի կողմից Լաչինի միջանցքի` արդէն չորս ամիս շարունակուող ապօրինի արգելափակման ծիրին մէջ ընդգծուել է, որ Հայաստանը ներգրաւուած բոլոր կողմերից ակնկալում է գործուն քայլեր` ստանձնած պարտաւորութիւնների, ինչպէս նաեւ Արդարատադութեան Միջազգային Դատարանի Փետրուարի 22-ի որոշման անշեղ կատարման, Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի վերականգնման ուղղութեամբ` խստագոյնս հետեւելով 2020թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անդրադառնալով եռակողմ յայտարարութեան միւս դրոյթներու խախտումներուն` նախարարը մատնանշած է, որ հակառակ միջազգային հանրութեան, հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու բազմաթիւ կոչերուն` Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինաբար պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը` անոնց նկատմամբ իրականացնելով շինծու դատավարութիւններ եւ ենթարկելով անմարդկային վերաբերմունքի:

Ուզպեքիստանի Սամարղանտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող նիստին իր ելոյթին ընթացքին Միրզոյեան նշած է, որ չնայած բոլոր դժուարութիւններուն, հայկական կողմը հաւատարիմ է առկայ յանձնառութիւններուն եւ պատրաստ է գործադրելու բոլոր ջանքերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment