Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անհրաժեշտ Է Ետ Քաշել Երկու Կողմերուն Զինուած Ուժերը Սահմանէն Անվտանգ Հեռաւորութեան Վրայ. ԱԺ Նախագահ

Անհրաժեշտ Է Ետ Քաշել Երկու Կողմերուն Զինուած Ուժերը Սահմանէն Անվտանգ Հեռաւորութեան Վրայ. ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմին, անոր յաջորդած յարձակման եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի 150 քառակուսի քիլոմեթր ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւման հետեւանքով յառաջացած անվտանգութեան ճգնաժամն ու իրողութիւնները նոր սպառնալիքներ կը խոստանան ամբողջ տարածաշրջանին համար, ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու միջխորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ընթացքին յայտարարած է ՀՀ Ազգային Ժողովի  նախագահ Ալէն Սիմոնեանը:

Ան մեղադրած է Ատրպէյճանը` Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերը խախտելու եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին պահանջները չկատարելու համար, եւ նման կերպ «ատրպէյճանական իշխանութիւնները ջրաքիսի մուշտակներով «բնապահպաններու» կերպարով, շինծու պատրուակներով արդէն աւելի քան չորս ամիսէ շրջափակած են Լաչինի միջանցքը», նշած է ան:

«Լաչինի միջանցքի շրջափակմանը զուգահեռ Պաքուն ահաբեկչութեան է ենթարկում Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեանը: Ատրպէյճանական զինուած ուժերը պարբերաբար խախտում են հրադադարը: Յաճախ գնդակոծութեան են ենթարկւում գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող խաղաղ բնակիչները: Այս առնչութեամբ կան ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի բազմաթիւ յայտարարութիւններ», շեշտած է խորհրդարանի խօսնակը:

Ան նաեւ անդրադարձած է Ապրիլ 11-ի բախման Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի հատուածին մէջ. «Ատրպէյճանական զինուած ուժերի մի խումբ զինծառայողներ սահմանային անցակէտերը ճշդելու պատրուակով մօտեցել են ճարտարապետական աշխատանքներ իրականացնող ՀՀ զինծառայողներին, հրազէնից, ապա նաեւ խոշոր տրամաչափի զէնքից հրահրել եւ կրակ բացել»:

«Անհրաժեշտ է իրականացնել երկու կողմերի զինուած ուժերի հետքաշումը սահմանից անվտանգ հեռաւորութեան վրայ` որպէս իրավիճակի կայունութեան յուսալի երաշխիք», ըսած է Ալէն Սիմոնեանը` միջազգային հանրութեան եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ հետաքրքրուած բոլոր գործընկերներուն կոչ ընելով հասցէական յայտարարութիւններու եւ յստակ քայլերու միջոցով դատապարտելու Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն նկատմամբ, անով իսկ կանխելու իրավիճակի հետագայ մագլցումը, որ կրնայ տարածուիլ աշխարհի այլ տարածաշրջաններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment