Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պարզուած Են 44-Օրեայ Պատերազմի Ընթացքին «Արեգա» Բարձունքին Եւ Շուշի Քաղաքի Կորուստին Հանգամանքները. ՔԿ

Պարզուած Են 44-Օրեայ Պատերազմի Ընթացքին «Արեգա» Բարձունքին Եւ Շուշի Քաղաքի Կորուստին Հանգամանքները. ՔԿ

by MassisPost

Պարզուած են 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին «Արեգա» բարձունքի եւ Շուշի քաղաքի կորուստին հանգամանքները. բարձրասիտճան սպային վերաբերեալ գործն ուղարկուած է դատարան, կը յայտնէ Քննչական Կոմիտէն:

Քննչական Կոմիտէն կը մանրամասնէ, որ քննութեամբ հիմնաւորուած է, որ 44-օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն` 2020-ի Սեպտեմբեր 28-ին, ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հրամանատարական դիտակէտ հանդիսացող «Արեգա» բարձունքը անցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ:

Սեպտեմբեր 29-ին` ժամը 07-ի սահմաններուն, ըստ հաղորդագրութեան, իւրային ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած է հակագրոհ, որու հետեւանքով նոյն օրը` ժամը 09:50-ին զոհեր եւ վիրաւորներ տալու գնով, կարելի եղած է վերահսկողութեան տակ վերցնել «Արեգա» բարձունքը:

Քննչական Կոմիտէն կը հաղորդէ, որ նոյն օրը` ժամը 16-ի սահմաններուն, բարձրաստիճան սպան «Արեգա» բարձունքի միջնամասին մէջ, հանդիպած է հակագրոհի գործողութիւնը ղեկավարած զօրամասի հրամանատարի տեղակալներուն, գործողութեան մէջ ներգրաւուած ստորաբաժանման ղեկավարին եւ տեղեկացուցած է իրադրութեան մասին, որ «Արեգա» բարձունքը, յարակից մարտական դիրքերը, հակառակորդի թիկունքային ապահովման ճանապարհը կը գտնուին իւրային ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան տակ: Ապա վերջինս, չունենալով իր վերադասին կողմէ նշուած վայր այցելելու եւ այդ վայրին մէջ որեւէ մարտական առաջադրանք կատարելու վերաբերեալ հրաման, ինչպէս նաեւ զանոնք իրականացնելու լիազօրութիւն, օժտուած չըլլալով հակագրոհի գործողութեան մէջ ընդգրկուած ստորաբաժանումներու անձնակազմին հրամաններ տալու լիազօրութեամբ, գործողութիւնը փաստացի ղեկավարող սպային անհիմն հրամայած է ենթակայ անձնակազմին հետ միասին թողել ազատագրած «Արեգա» բարձունքը եւ նահանջել:

Զօրամասին հրամանատարը, ըստ ՔԿ-ին, ենթակայ անձնակազմին յանձնարարած է կատարել բարձրաստիճան սպային հրամանը եւ նահանջել ազատագրած բարձունքէն, որուն հետեւանքով հակառակորդը առանց դիմադրութեան յառաջացած եւ նոյն օրը` ժամը 23:00-ի դրութեամբ, վերահսկողութեան տակ վերցուցած է բարձունքը, յարակից մարտական դիրքերը` զբաղեցնելով գերիշխող դիրք:

Իրաւապահ մարմինը մանրամասնութիւններ կը յայտնէ նաեւ Շուշի քաղաքի գրաւման մասին, մասնաւորապէս նշելով, որ քննութեամբ հիմնաւորուած է նաեւ, որ 2020-ի Հոկտեմբեր 27-ին, հակառակորդի ստորաբաժանումները յաջողած են տիրել Արցախի Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց գիւղին, որմէ յետոյ բարձրաստիճան սպային կողմէ նոյն օրը գրաւոր կազմուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ հակառակորդի ստորաբաժանումներուն նպատակը կը հանդիսանայ Շուշի բնակավայրին տիրելը:

Քննչական Կոմիտէն կը հաղորդէ, որ Հոկտեմբեր 29-ին` ժամը 06:00-ի սահմաններուն, հակառակորդը յաջողած է ամբողջութեամբ տիրել Սղնախ բնակավայրին եւ յառաջխաղացումը զարգացնել դէպի Քարին Տակ-Շուշի բնակավայրերուն ուղղութեամբ, որուն մասին տեղեկատուութիւնը զեկուցուած է բարձրաստիճան սպային:

«Հոկտեմբերի 30-ին սպայի կողմից արձակուել է մարտական կարգադրութիւն, որով իւրային ստորաբաժանումներից մէկին յանձնարարուել է Հոկտեմբերի 31-ից Քարին Տակ բնակավայրի ուղղութեամբ հակառակորդի յառաջխաղացումը կանխելու նպատակով պաշտպանութիւն ստանձնել Քարին Տակից 4 քիլոմեթր հարաւ եւ 2 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք բնագծով: Նոյն կարգադրութեամբ արձանագրուել է, որ պաշտպանութեան այդ բնագծի աջակողմեան հատուածում իւրային ստորաբաժանումներ տեղակայուած չեն:

Հոկտեմբերի 31-ին` ժամը 06:00-ից 07:00 ընկած ժամանակահատուածում, մինչեւ պաշտպանական բնագիծ զբաղեցնելը, պարզուել է, որ տուեալ բնագիծն արդէն իսկ անցել է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ, որի մասին զեկուցուել է վերադաս հրամանատար հանդիսացող բարձրաստիճան սպային: Արդիւնքում պաշտպանական բնագծի ճակատը կրկնակի կրճատուել է, զեկուցուել է, որ աջակողմեան հատուածը եւ իրենցից հետ զօրք տեղակայուած չէ, որի պայմաններում հակառակորդը հեշտութեամբ կարող է այդ հատուածով մօտենալ Շուշի-Լիսագոր մայրուղուն», կը մանրամասնէ Քննչական Կոմիտէն:

Ունենալով նշուած տեղեկութիւնները, ՔԿ-ն կը յայտնէ, որ Մ․Ա․-ն չէ յանձնարարած նշուած հատուածներուն մէջ զօրք տեղակայել, որուն հետեւանքով հակառակորդը 2020-ի Նոյեմբեր 2-ին, աջ թեւէն շրջանցած է իւրային զօրքերը եւ յառաջացած է Շուշի քաղաքի եւ Լիսագոր բնակավայրի միջտարածութիւն: Մայրուղիի հատուածին մէջ հակառակորդին խումբերը դիմակայելու համար համաչափ պաշտպանութեան կազմակերպման բացակայութեան պայմաններուն մէջ, Նոյեմբեր 4-ին` ժամը 02:00-էն 04:00 ինկած ժամանակահատուածին, հակառակորդին խումբերը յաջողած են հատել Շուշի-Լիսագոր մայրուղին, անցնիլ «Իսահակի Աղբիւր» կոչուող տեղամասի ձորերուն ու բարձունքներուն ուղղութեամբ, կուտակել իրենց ուժերը եւ յառաջխաղացումը զարգացուցած են դէպի Շուշի քաղաք:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է` պարզուած է, որ անհրաժեշտ պաշտպանութիւն կազմակերպելու համար բարձրաստիճան սպան Հոկտեմբեր 30-31-էն հնարաւորութիւն ունեցած է կիրառելու ընդհանուր շուրջ 550 զինուորներէ բաղկացած թիւով 4 ստորաբաժանում, որոնք տուեալ ժամանակահատուածին ներգրաւուած չեն եղած ինչպէս Շուշիի, այնպէս ալ որեւէ այլ ուղղութեամբ մարտական խնդիրներու կատարման մէջ:

Բացի անկէ, բարձրաստիճան սպան, Քննչականին փոխանցմամբ, մինչեւ 2020-ի Նոյեմբեր 6 ներառեալ վերադասին գրաւոր կարգով զեկուցած է, որ կը շարունակէ խնդիրը կատարել, այդ շարքին` Շուշի քաղաքին ուղղութեամբ, իրադրութիւնը ներկայացուցած է բարդ, բայց վերահսկելի, եւ այդ այն պայմաններուն մէջ, որ Նոյեմբեր 5-ին` երեկոյեան, հակառակորդին խումբերը յաջողած են ներթափանցել Շուշի:

Զօրավարի զինուորական կոչում կրող սպային` Մ․Ա․-ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում: Վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Նախաքննութիւնը աւարտած է, հսկող դատախազը հաստատած է մեղադրական եզրակացութիւնը եւ գործը ուղարկուած է դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment