Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի ԱԳՆ. Ապրիլ 11-ի Արիւնալի Դէպքերը Տեղի Ունեցած Են Հայկական Տարածքին Մէջ

Ֆրանսայի ԱԳՆ. Ապրիլ 11-ի Արիւնալի Դէպքերը Տեղի Ունեցած Են Հայկական Տարածքին Մէջ

by MassisPost

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Ապրիլ 11-ի արիւնալի միջադէպին վերաբերեալ` շեշտելով, որ «յարգանքը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ շփման գիծի հայկական կողմի բռնագրաւուած դիրքերէն ատրպէյճանական ուժերու դուրսբերումը էական նշանակութիւն ունին ապագայ միջադէպերը կանխելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հիմքերը պահպանելու համար»:

Փարիզ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին` «հայկական տարածքին մէջ, Տեղ բնակավայրին մօտ տեղի ունեցած բռնութեան առնչութեամբ, որուն հետեւանքով երկու կողմէ 7 զոհ եւ քանի մը վիրաւոր կայ»:

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ այս միջադէպը կը վկայէ, որ սահմանազատումը պէտք է իրականացուի բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով, կողմերուն կոչ ընելով շարունակելու ջանքերը այդ ուղղութեամբ:

Ֆրանսան լիակատար աջակցութիւն կը յայտնէ սահմանի հայկական կողմին տեղակայուած Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան, որ, ըստ Փարիզի, առանցքային դեր ունի լարուածութիւնը նուազեցնելու գործին մէջ: «Առաքելութիւնը կը շարունակուի` ի նպաստ զինադադարի պահպանման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյանի միջեւ բանակցութիւններու շարունակման», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment