Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Ուժային Կառոյցներու Պատասխանատուներուն Հետ Քննարկած Է Անվտանգային Մարտահրաւէրները

Արցախի Նախագահը Ուժային Կառոյցներու Պատասխանատուներուն Հետ Քննարկած Է Անվտանգային Մարտահրաւէրները

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ուժային կառոյցներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ աշխատանքային խորհրդակցութիւն հրաւիրած է:

Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի չորս ամիս տեւող շրջափակման պայմաններուն մէջ ծագած անվտանգային նոր մարտահրաւէրները եւ զանոնք դիմակայելուն ուղղուած աշխատանքներուն ընթացքը: Երկրին ղեկավարը շարք մը նոր յանձնարարականներ տուած է պատասխանատուներուն, ընդգծած է զանոնք հետեւողական կերպով իրականացնելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեանը, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment