Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տարածքին Յայտնաբերուած Եւ Ձերբակալուած Է Ատրպէյճանցի Երկրորդ Զինուորը

Հայաստանի Տարածքին Յայտնաբերուած Եւ Ձերբակալուած Է Ատրպէյճանցի Երկրորդ Զինուորը

by MassisPost

Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ատրպէյճանցի երկրորդ զինուորը, որ Ապրիլ 10-ին Հայաստանի տարածք անցած էր ծառայակիցին հետ:

Այս մասին յայտնեցին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:

«Ապրիլի 13-ին ՀՀ տարածքում յայտնաբերուել եւ ձերբակալուել է ատրպէյճանցի երկրորդ զինուորը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ապրիլ 10-ին Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած էր Ատրպէյճանի զինուած ուժերու երկու զինուոր կորսուելու մասին: Նոյն օրը Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի տարածքին ձերբակալուած է ատրպէյճանցի զինուոր` նշելով, որ անոր հետ եղած է եւս մէկ զինուոր, որուն որոնողական աշխատանքներ կ’իրականացուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment