Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեմքինի Հիմնարկը Քննադատած Է Միջազգային Հանրութիւնը, Որ Բաւարար Ջանքեր Չէ Գործադրած` Ստիպելու Պաքուին Բանալ Լաչինը

Լեմքինի Հիմնարկը Քննադատած Է Միջազգային Հանրութիւնը, Որ Բաւարար Ջանքեր Չէ Գործադրած` Ստիպելու Պաքուին Բանալ Լաչինը

by MassisPost

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը իր վրդովմունքը յայտնած է Լաչինի միջանցքի բացման հարցով Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի ժամանակաւոր միջոցներու վերաբերեալ պարտաւորեցնող որոշումը Պաքուի կողմէ չիրականացնելու առնչութեամբ:

«Լեմքինի հիմնարկը նաեւ մտահոգուած է, որ միջազգային հանրութիւնը չի կրնար աջակցութիւն ցուցաբերել կենսունակ մեխանիզմներով ՄՔԴ-ի որոշումները պարտադրելու հարցով», յայտարարած է կազմակերպութիւնը՝ փաստելով, որ միջազգային հանրութիւնը բաւարար ջանքեր չէ գործադրած ստիպելու Պաքուին վերացնել ճանապարհի շրջափակումը:

Կառոյցը մասնաւորապէս Եւրոմիութիւնը քննադատած է, այդ շարքին` դիտորդական առաքելութիւնը, Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ բանագնաց Թոյվօ Քլաարը, պնդելով որ վերջինս «կը շարունակէ իր ամօթալի ջանքերը` երկու կողմերուն ուղղուած կոչերով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment