Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Գործող Նախագահին Հետ Հանդիպման Փաշինեան Կարեւորած Է Միջազգային Հանրութեան Կողմէ Ատրպէյճանի Սադրիչ Գործողութիւններուն Արձագանգը

ԵԱՀԿ Գործող Նախագահին Հետ Հանդիպման Փաշինեան Կարեւորած Է Միջազգային Հանրութեան Կողմէ Ատրպէյճանի Սադրիչ Գործողութիւններուն Արձագանգը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործերու նախարար Պույար Օսմանիին:

Վարչապետը ողջունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահին այցը տարածաշրջան եւ նշած, որ այն լաւ հնարաւորութիւն է ծանօթանալու այստեղ ստեղծուած բարդ իրավիճակին: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է ՀՀ կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը` զարգացնելու եւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի հետ:

Պույար Օսմանին, իր հերթին, եւս ընդգծած է Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը եւ յաւելած, որ կազմակերպութեան նպատակն է նպաստել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան:

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման իրականացման վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի գործունէութեան եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի աւելի աշխոյժ դերակատարութեան ապահովման:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանի սադրիչ եւ ապակառուցողական գործողութիւններուն համարժէք ու հետեւողական արձագանգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment