Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. Կը Սպասենք ԵՄ Որոշման՝ Հայաստանը ԵՄ Խաղաղութեան Հիմնադրամին Մէջ Ներառելու

Փաշինեան. Կը Սպասենք ԵՄ Որոշման՝ Հայաստանը ԵՄ Խաղաղութեան Հիմնադրամին Մէջ Ներառելու

by MassisPost

Հայաստանի իշխանութիւնները յոյսով են, որ Երեւանը աջակցութիւն պիտի ստանայ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն, «Քոփընհակընի ժողովրդավարութեան գագաթաժողովի» ընթացքին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Ան Դանիայի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցէր Հայաստանի ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան թեմայով քննարկման։

«Մենք հիմա սպասում ենք Եւրոմիութեան որոշմանը՝ Հայաստանին Եւրամիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամում ներառելու համար»,- ըսաւ Փաշինեան:

«Politico»-ի խմբագիրի հարցումին՝ արդեօք Երեւանը կ’ակնկալէ՞, որ Եւրոմիութիւնը պիտի լրացնէ Մոսկուայի բացը, Փաշինեանը ուղիղ չպատասխանեց, բայց նշեց՝ Երեւանի քաղաքականութիւնն է բոլոր ոլորտներուն մէջ արտաքին յարաբերութիւններու բազմազանեցումը։

«Հիմա մենք անվտանգութեան դաշտում գործակցում են Հնդկաստանի, Ֆրանսայի եւ միւս երկրների հետ։ Եւ հիմա մենք նմանատիպ գործակցութիւն ունենք Եւրոմիութեան հետ»,- ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը։ «Ի հարկէ, դա քաղաքացիական առաքելութիւն է, բայց միւս կողմից էլ՝ այն նոր գործօն է մեր տարածաշրջանի անվտանգութեան համար։ Առաջին անգամն է, որ ԵՄ-ն ինչ-որ կերպ ներգրաւուում է Հայաստանի անվտանգային օրակարգում»,- ընդգծեց վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցին։ Յայտարարեց, որ ռազմական կառոյցէն Երեւանի դուրս գալը հետագայ քննարկումներուի թեմա է։

Հայաստանի ժողովրդավարական պաշտպանութիւնը թեմայով քննարկման «Politico»-ի խմբագիրը հարցուց՝ եթէ երազանք պահելու ըլլար, ե՞րբ կ’ուզէր, որ Հայաստանը ԵՄ անդամ դառնայ։ Հայաստանի վարչապետը հարցը երկրորդ անգամ յստակացնելէ յետոյ ըսաւ՝ այս տարի. – «Որ թուականի՞ն։ Այս տարի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment