Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Լոս Անճելեսի մէջ հանդիպած է Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ հայաստանեան ղեկավարութեան կողմէ իրականացուող համալիր քայլերուն:
Անմիջական մթնոլորտի մէջ Հանրապետութեան նախագահը եւ Սրբազան հայրը զրուցած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայ Կաթողիկէ համայնքային կեանքի անցուդարձերուն վերաբերեալ:
Պատասխանելով Միքայէլ սրբազանի կողմէ բարձրացուած եւ Կաթողիկէ համայնքը յուզող հարցերուն, նախագահ Խաչատուրեան մանրամասնութիւններ է յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման գործընթացի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ընդհանուր իրողութիւններու վերաբերեալ:
Հանդիպման երկուստէք ընդգծուած է ներքին եւ արտաքին օրակարգային հարցերուն մէջ Հայաստանի կողմէ որդեգրուած իրատեսական քաղաքականութեան սկզբունքներու հետեւողական կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:

